PREEMPTIVE
RECOGNITION
13էն 15
Սեպտեմբեր
2005ին
Հայկազեան
համալսարանի
հայագիտական
ամպիոնին
կազմակերպած
«Լիբանանահայերը.
իրենց
անցեալն ու
ներկան»
խորագրեալ
գիտաժողովին
նիստերէն
մէկուն
ընթացքին, գերմանացի
պատմաբան
Հիլմար
Քայզըր,
անդրադառնալով
Հայկական
Ցեղասպանութեան
ճանաչումի
հարցին, ըսաւ.
Ուրացումի
յոռեգոյն
ձեւը
փրիէմփթիւ
(որոշ
հետեւանքներու
առաջքը
առնելու
միտումով
կատարուած) ճանաչումն
է։ Հայ
ժողովուրդի
կարգ մը թուրք
«բարեկամները»
այսօր կ՚ըսեն.
«Այո՛,
ցեղասպանութիւն
էր, վե՛րջ.
մնաք բարով»,
եւ շեշտեց, թէ
հատուցումը
տրամաբանական
եւ
անսակարկելի
շարունակութիւնն
է
ճանաչումին։
«Փրիէմփթիւ
ճանաչում»ի
այս
բնորոշումով
գերմանացի
պատմաբանը
կ՚ընդգծէ հայ
- թրքական յարաբերութիւններու
կարեւորագոյն
եւ ամէնէն
զգայուն
հարցերէն
մէկը։
Անցնող
տարիներուն
ձեռնարկուած
արկածախնդրութիւններն
ու
նախափորձերը
եկան ցոյց
տալու, որ անցեալը
մէկդի դնելով
հայ-թրքական
յարաբերութիւններու
նոր էջ մը
բանալու
փորձերը, նոյնիսկ
եթէ վայելեն
հզօր
պետութիւններուն
նեցուկը, ուշ
կամ կանուխ
ձախողութեան
պիտի դատապարտուին։
Հետեւաբար,
յառաջընթաց
արձանագրելու
միակ ուղին
Հայկական
Ցեղասպանութեան
հարցը սեղանին
վրայ դնելն է։
Ասիկա իր
կարգին
կ՚ենթադրէ
թրքական
կողմէն
յանձնառութիւն՝
ուրացումի
թեզը մէկ կողմ
դնելու։
Թէեւ
Թուրքիոյ
կառավարութիւնը
նման քայլի չէ
դիմած եւ ոչ
ալ տրամադիր
կը թուի ըլլալ
մօտիկ
ապագային
կեցուածքը
փոխելու,
սակայն երկրի
մտաւորականութիւնը,
Թուրքիոյ մէջ
ստեղծուած
խօսքի
ազատութեան
որոշ
երաշխիքներէն
խրախուսուած,
արդէն սկսած է
շարժիլ եւ
անցեալը
դիմագրաւելու
կոչ ուղղողներուն
թիւը օրէ օր
կը
ստուարանայ։
Ասոր լաւագոյն
օրինակը 23էն 25
Սեպտեմբերին
Պողազիչի (Վոսփոր)
համալսարանին
մէջ տեղի
ունենալիք
գիտաժողովն է,
որուն իրենց
մասնակցութիւնը
կը բերեն շուրջ
70 ականաւոր
ակադեմականներ
եւ մտաւորականներ։
Այս երեւոյթը
ողջունելի է
անկասկած,
սակայն եթէ
անցեալը
դիմագրաւելը
դիտուի իբրեւ
Թուրքիան
ժողովրդավար
երկիր
դարձնելու
գործընթաց մը
միայն, դառնայ
խօսքի
ազատութեան
մարզանք եւ
վարժութիւն,
եւ չհետապնդէ
ճանաչումի եւ
անկէ ետք
հատուցումի
նպատակներ,
ապա, իրաւամբ,
անցեալը
դիմագրաւելու
այս փորձերը
ուրացումէն
աւելի
վտանգաւոր
հետեւանքներ
կրնան
ունենալ
բոլոր
կողմերուն
համար։
Սա կը
նշանակէ, որ
«ցեղասպանութիւն
էր» լսելէ ետք
կարելի չէ ոտքի
կանգնիլ եւ
«մնաք բարով»
ըսել։
Ապրիլ 2005ին,
Սալզպուրկի
մէջ (Աւստրիա)
տեղի ունեցաւ
հայ եւ
(այլախոհ)
թուրք
ակադեմականներու
4րդ
ուըրքշափը,
որուն ներկայ
գտնուեցանք
իբրեւ
«Ազդակ»ի
ներկայացուցիչ։
Ուըրքշափին
իրենց մասնակցութիւնը
բերող թուրք
ակադեմականներուն
հետ մեր
զրոյցներուն
ընթացքին
յաճախ արծարծեցինք
հատուցումի
հարցը, եւ
անոնցմէ իւրաքանչիւրը
տարբեր
պատկերացում
ներկայացուց
այդ մասին։
Աւելի ուշ,
Պոլսոյ մէջ,
ինչպէս նաեւ
ե-նամակի
միջոցով, այս
հարցին մասին
խօսեցանք նաեւ
այլ թուրք
մտաւորականներու
հետ։
Այո՛, Մեծ
Եղեռնը
ճանչցող
(նոյնիսկ եթէ
տարբեր
պատճառներով
«ցեղասպանութիւն»
բառը չեն օգտագործեր)
մտաւորականներէն
քիչեր կը
պնդեն, թէ ո՛չ
մէկ ձեւի
հատուցում
պէտք է
կատարել, բայց
միայն
«բարոյական
հատուցում»ի
մասին խօսողներուն
թիւը քիչ չէ։
Նոյնիսկ երբ
հատուցումը
նիւթական
բնոյթ կը
զգենու,
համոզիչ
հատուցում
տալու տրամադրութիւն
ցուցաբերելէ
խուսանաւողները
շատ են։ Կան
ոմանք,
օրինակ, որոնք
կ՚ըսեն, թէ
Թուրքիա
միլիոնաւոր
տոլարներու
հասնող իր
արտաքին
պարտքը պէտք է
հայերուն
վճարէ իբրեւ
հատուցում
(բայց այդ
պարագային
Թուրքիա՞
հատուցում
կատարած
կ՚ըլլայ, թէ
միջազգային
ընտանիքը)։
Ուրիշներ կը
խօսին
հայերուն
վերադարձի իրաւունք
տալու եւ
Թուրքիոյ մէջ
հաստատուելու
նպաստաւոր
պայմաններ
ստեղծելու
մասին։
(գացէ՛ք, ետ
գնեցէք ձեր
հողերը)։ Փոքր
է թիւը այն
մտաւորականներուն,
որոնք բացէ ի
բաց (կամ
նոյնիսկ՝
սեղմ
շրջանակներու
մէջ
զրոյցներու
ընթացքին) կը
խօսին
վերադարձի
իրաւունքին
եւ կալուածներու
ու ինչքերու
հատուցում
կատարելու
հարցին
մասին։
Հայկական
Ցեղասպանութիւնը
բարոյական
ոճիր չէ
միայն,
որպէսզի
հատուցումը
բարոյական
բնոյթ
ունենայ լոկ։
Այո՛, ոչ մէկ
ձեւի հատուցում,
ի՛նչ
տարողութեան
կամ բնոյթի
ըլլայ ան,
կրնայ
հակակշռել
կորսուածը։
Հայ որբերուն
արցունքներն
ու տառապանքը
քանի՞ տոլար կ՚արժեն։
Քանի՞ հեկտար
հողով կարելի
է հաշուեփակը
կատարել
բռնաբարուած
հայ կիներու
եւ խողխողուած
տղամարդոց
արհաւիրքին։
Սակայն լոկ
«բարոյական»
ժեսթերը
ցեղասպանի
մտայնութեան
յարատեւումը
ցոյց կու տան
միայն։
Այս
հարցադրումներուն
պատասխանելու
փորձ մը կը
կատարէ Թանէր
Ագչամ, 2003ի
Դեկտեմբերին
«Ազդակ»ի մէջ
լոյս տեսած
հարցազրոյցին
մէջ։
«Հատուցումը
բարոյական
քաթեկորի մըն
է։
Պատմութեան
ընթացքին կատարուած
անարդարութիւններուն
գործած աւերները
ամբողջութեամբ
կարելի չէ
դարմանել։
Սակայն
հատուցումը
խորհրդանշական
ըլլալով
հանդերձ այս
ցաւը կրնայ
փարատել։
Վնասներուն
բոլորը
հարիւր առ
հարիւր
հատուցելու մասին
կարելի չէ խօսիլ
(ապա թէ ոչ
պիտի
պաշտպանենք
այն տեսակէտը,
թէ պէտք է մէկ
միլիոն
իսլամներ
սպաննել)։ Այստեղ
առաջնահերթութիւնը
հայութեան
վիշտին գուցէ
մէկ մասը
թեթեւցնելն է
եւ այս միայն
վնասներուն,
թէկուզ
խորհրդանշական
դարմանումով
կարելի է
իրագործել
միայն»,
կ՚ըսէր Ագչամ եւ
կ՚աւելցնէ.
«Կը խորհիմ, թէ
ինչքերու եւ
սեփականութեան
հարցը
կարեւոր է։
Հայկական
Ցեղասպանութեան
ընթացքին
միայն
մարդկային
մեծաթիւ
կորուստներ
չեն, որ
արձանագրուեցան,
շատ մը հայեր
իրենց
տուները,
հողերը եւ
աշխատանքը կորսնցուցին,
թէեւ կարելի
չէ այս
վնասները ամբողջութեամբ
դարմանել,
սակայն
անիրաւութիւնը,
վճռականապէս,
պայման է, որ
գոնէ մասամբ
դարմանուի...
Հայերուն
քաղաքացիութեան
իրաւունքները
վերստին պէտք
է ճանչցուին
եւ իրենց
հողերուն
վրայ
տեղաւորուելու
արտօնութիւն
պէտք է տրուի։
Հայկական
ճարտարապետական
կառոյցները
եւ արուեստի
գործերը պէտք
է վերստին
ստանան իրենց
հայկական
անունները։
Նմանօրինակ
կարգ մը իմաստալից
քայլերու
առնուելու
կարելիութեան
կը հաւատամ։
Հարցումը
նիւթական
հարց մը ըլլալէ
աւելի նախ
բարոյական
քաթեկորի մըն
է»։
Բայց նոյնիսկ
այսքանը
չափազանց շատ
կը թուի ըլլալ
այսօր
Թուրքիոյ
քաղաքական
շրջանակներուն
համար։
Թուրքիոյ
մեծագոյն
կուսակցութիւններէն
մէկուն
երիտասարդ
ղեկավարներէն
մէկը քանի մը
ամիս առաջ,
Պոլսոյ մէջ,
հետեւեալը
ըսաւ մեզի.
«Այս ի՞նչ
տրամաբանութիւն
է, հող կ՚ուզէք,
Թուրքիան
մասնատել կը
ծրագրէք։
Հայաստանի
Հանրապետութեան
նկատմամբ
նման
տրամադրութիւններ
ունի՞նք
մենք։
Կ՚երդնում
մօրս արեւուն
վրայ, որ աչք
չունիմ
Հայաստանի
Հանրապետութեան
հողէն մէկ
թիզին վրայ...»։
Աչք չունի
եղեր եւ ելած
միննէթ
կ՚ընէ...։
«Ինչ լաւ
կ՚ըլլար, եթէ
մնացածին
վրայ ալ աչք ունենայիր...»։
*
* *
Թուրք
այլախոհ
մտաւորական
մը սրդողեցաւ,
երբ իրեն
ըսինք, թէ
հայերը
Թուրքիոյ
կողմէ Հայկական
Ցեղասպանութեան
ճանաչումին
համար պայքարի
ծիրին մէջ
ստիպուած չեն
ոգի ի բռին
աշխատանք
տալու՝ ի
խնդիր
Թուրքիոյ
ժողովրդավարականացումին։
«Եթէ հայերը
պիտի
պայքարին երկիր
մը առաւել
ժողովրդավար
դարձնելու
համար, ապա
այդ երկիրը
պէտք է ըլլայ
իրե՛նց
հայրենիքը, եւ
ոչ՝ զիրենք
ցեղասպանութեան
ենթարկողինը»,
մատնանշեցինք։
Այո՛, պէտք չէ
հալածել կամ
նոյնիսկ
անտեսել իրենց
կառավարութեան
ուրացումի
թեզը մերժող
թուրք
ակադեմականները։
Աւելի՛ն. պէտք
է նեցուկ
կանգնիլ
անոնց։ Բայց
Թուրքիան ժողովրդավար
երկիր
դարձնելու
պայքարը
իրենց պայքարն
է, մերը՝
մէկուկէս
միլիոնի
կորուստին
ճանաչումն է,
զաւթուած
հողերուն եւ
ինչքերուն
վերադարձին
ապահովումը։
Իսկ
հատուցում,
արդա՛ր
հատուցում
չկայ։ Հայկական
Ցեղասպանութեան
խարանը
յաւիտեան
պիտի մնայ
Օսմանեան
կայսրութեան
յաջորդը
հանդիսացող
հանրապետութեան
դէմքին վրայ։
ԽԱՉԻԿ
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ