Մեսրոպ Արք. Աշճեան իր մօր ծննդավայրին մէջ՝ Բալուի Հաւաւ գիւղի աղբիւրին մօտ։ | ||
ՊԱՀՆ ՈՒ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆԸԱՊՐԻԼ 24 | ||
|
Այսօր Ապրիլի 24 է։ Քանի մը օրէ ի վեր կը գտնուէի Սպանիոյ Սեվիլյա քաղաքը, ուր անցուցի Աւագ շաբթուան վերջին օրերը
եւ 2000 թուականի Զատիկը։ Ուրկէ՜ ուր։ Ես այսօր Տէր Զօր պէտք չէ՞ ըլլայի։ Մեծ Եղեռնի 85-ամեակն է, 1700-ամեակի ծրագիրներուն մէջ շուրջ հինգ տարի առաջ յատուկ կերպով երեւակայած էի այս օրը։ Ուխտագնացութեան շարքին` 2000թ. Ապրիլին անցընել պատմական Հալէպ քաղաքին մէջ, Աւագ ուրբաթ օրը ըստ տեղական աւանդութեան շրջիլ Սալիպէ թաղի եօթը եկեղեցիները։ Զատիկը դիմաւորել Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ ու յաջորդ օրը երթալ Տէր Զօր. Պատարագ, հոգեհանգիստ, ողբա՜մ մեռելոց, ապա յաջորդ օրը մեկնիլ Հայաստան։ Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալ հարիւր հազարաւոր հայերու հետ, կոչե՜մ ապրողաց...Եւ մեր Փրկչին յարութիւնը, մեր ազգի յարութիւնը նշել ա՜յս ոգիով։ Բայց այս բոլորը ո՞ւր մնացին։ Յուսախաբութիւն, վիշտ, Հայրապետի մահ, հրաժարական, ու ահա ես զիս գտայ Սեվիլյայի մէջ, ուր Ս. Նշանի ֆրանսերէնի դասերէս գիտէի Աւագ Ուրբաթի իւրահատուկ յիշատակութեան մասին։ Աւելի պարզ խօսելով կերպով մը այս Ապրիլ 24-ին ես ինձմէ փախուստ էի տուած, բայց ի վերջոյ, կրնա՞յի ինձմէ հեռանալ, իմ եսէս դուրս ելլել։ Ու չկրցայ, ու ահա այսօր ամբողջ օրը ես իմ ժողովուրդին հետ եմ... Անթիլիաս, Նահատակաց Յուշարձան, Նոր Ջուղա, Նիւ Եորք, Երեւան, Երուսաղէմ, Տէր Զօր։ Հոն` ուր եղած եմ նախկին տարիներու Ապրիլ 24-երուն, ապրած եմ մեր նահատակներու յիշատակով, պատարագած, քարոզած, հռչակած։ Հիմա ես ինձի իրենց հոգեհանգիստ կը մատուցանեմ, կ'աղօթեմ մեռելներուս համար, որոնցմէ փախեր էի։ Բայց փախե՞ր էի։ Հիմա հիւրանոցի
սենեակի մէջ եմ, կը փորձեմ սիրտս հանգստացնել, հոգիս
խաղաղեցնել, ինձի հետ հաշտուիլ։ Եւ այս քանի մը տողերը կը գրեմ Ֆեթհիյէ Չէթինին։
Ո՞վ է. բացատրեմ. վերջերս, Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ նամակ մը կար, արտատպուած Պոլսոյ երկլեզուեան «Ակօս» թերթէն։ Տեսակ մը մահազդ էր, ուր այդ կինը կը պատմէր իր մեծ մօր՝ Հերանոյշի մասին։ Հերանոյշը Հայրապետ Կատարեանի թոռնիկն էր, կ'ըսեր, այդ թրքուհին, Յովհաննէս եւ Իսկուհի Կատարեաններու աղջիկը, Բալուի Հապապ գիւղէն։ Ու յետոյ կը պատմէր թէ նախակրթարանի չորրորդ դասարանին «ցաւերով կուտակուած ժամանակները կուգան», Հերանոյշ իր ամբողջ ընտանիքը կր կորսցնէ, նոր ընտանիք կը կազմէ, նոր անուն կ'ունենայ։ Կը մոռնայ իր լեզուն եւ կրօնքը։ «Չգանգատեցաւ, բայց երբեք չմոռցաւ հայրն ու մայրը, գիւղը, հարազատները»։ (Տե՛ս «Յառաջ», 18 Փետր. 2000թ., Ա)։ Հերանոյշ որ կարօտով կ'ապրէր ամբողջ 95 տարի, կը մահանայ 2000թ. սկիզբին։ Ահա հիմա ալ իր թոռնուհին համարձակութիւնը կ'ունենայ փնտռելու իր մեծ մօր ազգականները, ինչ որ չէր կրցած ընել անոր ողջութեան։ Թ. Արփին,«Օրը օրին» սիւնակի հեղինակը, իր կողմէ կ'աւելցնէր թերթին մէջ, թէ «այդ օրերը չեն վերադառնար»... ու կերպով մը ինք ալ վերադարձի եւ յոյսերու դռները կը փակէր Ֆեթհիյէ Չէթինի դիմաց։ Ես ալ, շատ ու շատ ընթերցողներու հետ միասին, կրնայի կարդալ յօդուածը, ցաւիլ, տրտմիլ, տրտմօրէն ժպտիլ դառն ճակատագրին վրայ ու անցնիլ։ Բայց յօդուածին մէջ անուն մը կար՝ Հապապ։ Իմ Հաւաւն էր, մօրս ծննդավայրը, գիւղ՝ ուր եղած եմ քանիցս, ես զիս խաչակնքած, եւ անոր աղբիւրէն ջուր խմած եմ, Քաղցրահայեաց վանքի պատերուն մոմ եմ վառած, քիւրտ վարորդս՝ վանքի հողը ճակատիս է քսած։ Չէի կրնար անտարբեր մնալ։ Յետոյ՝ յիշեցի որ մայրս իմ մանկութեան կը խօսէր «Կատարկանց» Գարեգինի մասին, Կատարեաններու մասին... եւ ես ինձի խոստացայ այդ Հերանոյշին արմատները գտնել։ Բայց ինչպէ՞ս։ Միակ կենդանի հասցէն քեռիս էր, Սուրէն քեռիս, որ արդէն 100-ի կը մօտենայ, ու կ'ապրի Նիւ Ճըրզիի մէկ քաղաքը։ Այս Մարտի սկիզբին գացի մօտը։ Ինք սովորութիւն ըրած է փոքրիկ թղթիկներու վրայ մտքէն անցած հարցերը գրի առնել, որպէսզի երբ իրարու հանդիպինք, հարցնէ, լուսաբանուի, քննարկէ հետս, վիճի՝ ցնոր հանդիպում։ Երկու երեք տարիէ ի վեր այս է մեր կեանքը։ Բայց անցեալ Մարտին, ես էի, որ հարցումներով մօտեցայ իրեն։ «Քեռի՛, Հերանոյշ Կատարեան մը կը յիշե՞ս»։ Կը յիշէր անշո՜ւշտ պիտի յիշէր։ Քեռին ազգագրական բառարան է անձնանուններու բառարան է, շրջուն մատենադարան է, հայոց պատմութիւն, հայ դատ, ամերիկահայոց պատմութիւն անգիր գիտէ։ Հաւաւը սակայն տարբեր կերպով կը յիշէ, տուն առ տուն, քար առ քար գիտէ։ Գիտէ իրենց այգին, խաղողներուն տեսակները, այգիի պատերու տակ բուսած ծառերը, վանքի ցախերը։ Ամէն բան գիտէ։ Եւ կամաց-կամաց Հերանոյշի ազգաբանութիւնը կը ծաղկէր, ընտանեկան ձառի մը նման կը ծաւալէր...։ Ու ես նօթեր կ'առնէի, որոնք այսօր միայն, Սեվիլյայի մէջ, թուղթին պիտի յանձնէի։ Միլիոնէն մէկուն յիշատակին։ Տասնամեայ Հերանոյշի յիշատակին՝ որ 1915-ին թրքացաւ, Թուրքիա մնաց։ Մայրս, քեռիս հազարներ իրենք ալ ստիպուած թրքացեր էին, Մուսթաֆա, Զէքիէ անուններ առեր էին, բայց յաջողեր էին իրենց ազգին դառնալ։ Հերանոյշ չէր կրցած...կոչուեր էր ու մնացեր Սէհէր։ Ու քեռիիս հետ սկսանք յիշատակներու ճամբորդութեան։ Հետզհետէ դէմքեր եկան, դրուագներ, անուններ եկան, հեռաձայնի թիւեր գտնուեցան։ Փոքրիկ Հաւաւի ժողովուրդը, հիմա քարտէս էր դարձեր Ամերիկայի մէջ։ Հերանոյշը եղբայր մը ունէր, Խորէնը, որ տակաւին քանի մը տարի առաջ իր թոռան, Տեյվիդի հետ եկեր ու այցելեր էր Սուրէնին։ Քեռիս կը պատմէր, որ Հերանոյշի հայրը` Յովհաննէսը ամուսնացեր էր Իսկուհի Արզումանեանի հետ ու Ամերիկա էր, երբ մեծ աղէտը կը պատահէր։ Բայց 1920-ական թուականներուն էր միայն, որ կը վերադառնայ արեւելք, եւ Սեւերեկի՞ թէ Հալեպի մէջ կը գտնէ իր աղջիկը՝ Հերանոյշն ու որդին՝ Խորէնը։ Խորէնը հօր հետ Ամերիկա կուգայ, բայց Հերանոյշ, որ արդէն իսկ թուրքի մը հետ ամուսնացած էր, կը հրաժարի, կը խնդրէ հօրմեն որ զինք թողու իր նոր կեանքին հետ։ Յովհաննէս կր վերադառնայ Ամերիկա, ուր իր բոյնը կը վերաշինէ, կ'ունենայ ուրիշ զաւակներ ալ, Հրանտը, Մարգարիտը։ Քեռիս կը խօսի, կը պատմէ թէ Օհանը (Յովհաննէսը) մեծ ընտանիքի զաւակ էր. վեց տղայ ու մէկ աղջիկ էին եւ անուններն ալ կը թուէ - Հրանտ, Պօղոս, Ստեփան, Կարապետ եւ Մանուկ։ Աղջկան անունը անշուշտ մոռցած էր։ Ու յանկարծ քեռին կը փղձկայ, կը յիշէ Մանուկը, որ փոքր տարիքին ծանր կը հիւանդանայ, ամբողջ գիւղը կ'աղօթէր որ երախան փրկուէր. երախան ազատեցաւ, բայց թուրքերը 1915ին սպաննեցին զինք. ի՞նչ օգուտ։ Աւելի տխուր էր Ստեփանի ճակատագիրը։ 1915ին բանտարկեր էին զինք, ու երբ Սուրէն քովը գացեր էր, Բալուի բանտի ճաղերը պիտի քանդէր Ստեփան, աղիողորմ հարցնէր Սուրէնին. -Մեր տունէն ո՞՛վ մնաց... Հիմա որ այս տողերը կը գրեմ, Ֆեթհիյէի ձեռքը պիտի անցնի՞ն, ի՞նչ պիտի մտածէ։ Պիտի ըսէ՞ այդ օրերը երթան եւ չվերադառնա՞ն...Բայց ի՞նչ պիտի ըսէ Ահարոնեան, որ կոյր Աշուղի բերնով կը մղկտար. Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, Թող ողջ աշխարհ կարդայ հային նախատինք։ Շարունակեցի պրպտումներս։ Այդ օրերուն անցայ «AOL»-ի վրայ գտայ հասցէները Խորէնին դստեր՝ Վիրճինային, որ Նիւ Ճըրզիի հարաւային մեկ քաղաքը կը գտնուի։ Երկու զաւակ ունի՝ Տեյվիդն ու Միշելը։ Քոյր մըն ալ ունի, Սիլվիան, որ Անահայմ. Գալիֆորնիա կ'ապրի։ Աւելի յուզիչ էր խօսակցութիւնս Հերանոյշի քրոջ, Մարգրիտի հետ, որ կ'ապրի Ուստրի մէջ, ըստ երեւոյթին բաւական ալ աշխոյժ կերպով կապուած է տեղւոյն Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ կեանքին։ Մարգրիտը ամէն բան կը յիշէ, ու կ'աւեցնէ, որ երեք զաւակ ունի՝ Ռիչըրտը, Նենսին, Տէպորան։ Երկու հատ ալ թոռնիկ ունի` Էտուըրտ, Լորին։ Օր մը հաւանաբար հանդիպիմ Մարգրիտին, համով մայր մըն է, իրեն նմանները շատ եմ տեսեր Ամերիկայի մէջ։ Տարիքոտ, եկեղեցասէր՝ անոյշ խմորեղէն կը պատրաստեն, անոնք եկեղեցւոյ «պազարներուն» կը պատրաստուին եւ իրենց հետ կը բերեն անուշութիւնը հայ մայրութեանը՝ Շահնուրի «պճեղ մը անոյշ սիրտ»ին... Տիկին Մարգրիտ կը խօսի, կը պատմէ։ Կը յիշէ իր քրոջ պատմութիւնը, թէ ինչպէս եղբայրը՝ Խորէնը, 50-ական թուականներուն յաջողեր էր Թուրքիա դրամ ղրկել, որ քոյրը Հերանոյշ Ամերիկա գայ ու այցելէ իր ազգականութեան։ Այն ատեն ալ Հերանոյշ կը մերժէ գալ Ամերիկա ու փոխարէնը իր որդին՝...Մահմուտը կը ղրկէ։ Մահմուտը կու գայ, եւ գայթակղութիւնը կը փրթի։ «Թուրք օղլու թուրք էր» կ'ըսէ Մարգրիտ։ Եւ կ'աւելցնէ, «Նիւ Եորքի մէջ բոլոր ազգականները շատ ծանր ազդուեցան, չէին ուզեր տեսնել, ընդունիլ զինք։ Ես ալ առի ու Մահմուտը հետս Ուստր բերի, որ քիչ մը խերսերնին իջնէ...» Իջա՞ւ, չիջա՞ւ, Հերանոյշի ազգականները կրցա՞ն ընդունիլ Մահմուտը իբրեւ իրնց հարազատը։ Այդքանը չեմ գիտեր։ Բայց երեւի այս Մահմուտին աղջիկն է Ֆեթհիյէ Չէթինը։ Աստուած գիտէ։ Այս բոլորը գիրին կը յանձնեմ, չեմ գիտեր թէ ինչու՞ կ'ընեմ։ Ֆեթհիյէէն յոյս կա՞յ, թուրք օղլու թուրք Մահմուտին աղջիկը ի՞նչ պիտի ընէ, արդեօք արեան ձայնը պիտի կանչէ՞, եւ յետոյ ի՞նչ, Ֆեթհիյէն ընդունի՞նք մենք, մենք, որ հիմա Ռիչըրտ ենք եղեր, Տէպորա, Նենսի, Սիլվիա, Վիրճինիա։ Աստուած իմ, «այս ճակատագիրն ինչ սեւ է»։ Ու 1915թ. անգամ մը եւս իր ահաւորութեամբ կուգայ կը գրաւէ ողջ էութիւնս։ 1915ը կը շարունակուի, եղեռնը կը շարունակուի։ Հայազուրկ Հայաստանը կը պոռա՜յ, հայ կը փնռէ։ Հողազուրկ հայը կը թափառի օտար ափերու վրայ, աշխարհաքաղաքացի, անհող, անճակատագիր, զանազան ու զարմանազան անուններով։ Ֆեթհիյէ Չէթին։ Ահա քու ընտանիքիդ պատմութիւնը։ Մեծ մօրդ, հօրը պատմութիւնը։ Մեծ մօրդ հօր անունը Յովհաննէս էր, մօրը անունը Իսկուհի։ Մեծ հօրդ անունը Հայրապետ էր։ Հայրապետ Կատարեան։ Հայրապետը Հաւաւի մէջ ծանօթ անուն էր՝ Հայրապետը Հաւաւի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թաղական էր, լաւ ուսուցիչ, երաժիշտ, պաշտօնավարած է Արղընի Մատէն, Քղի։ Բայց աւելի ծանօթ է իր եղբայրը Անդրէաս վարժապետը, անոր աշակերտ էին եղած Եղիշէ Արք. Դուրեանը, Մելքոն Կիւրճեանը, շատ ուրիշներ... Վերջացնելու համար ահա կ'արտագրեմ «Բալու» գրքի հեղինակ Յարութիւն քահանայ Սարգիսեանի մէկ գրութիւնը՝ նոյն այս Անդրէաս վարժապետին մասին։ «Անդրէաս Վարժապետ Կատարեան մէկն էր գաւառի զաւակներէն. կարճահասակ, սակաւախօս, թաւ յօնքերու տակ ծածկուած խոհուն աչքերով, որոնք յաճախ դէպի վար կը հակէին. թաքնուած արժէք մըն էր, իր գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ալ ըրած էր։ 1892ին որպէս քահանայ Ս. Յակոբայ թաղին, Թլկատինցիի վարժարանին կրօնի ուսուցիչ կարգուած էի. միանգամայն կը հետեւէի հայագիտական դասաւանդութիւններուն։ Օր մը ուսուցիչի կողմէ խնդրուեցաւ ինձմէ գրաբար պարբերութեան մը քերականական լուծումը կատարել կամ գոնէ պատասխանել, թէ «Տէր Աստուած մեր, որոյ կարողութիւնդ անքնին է եւ փառքդ անհասանելի» նախադասութեան մէջ, «որոյ կարողութիւնդ»ի դ տառը ինչո՞ւ եւ ի՞նչ կանոնով տրուած է գոյականին։ Ես նոր սկսած էի գրաբարին հետեւիլ. բնականաբար պիտի չկրնայի պատասխանել յիշեալ հարցումին. ուստի դիմեցի Թլկատինցիին. - Ատիկա ճարտասանական ոճով յօրինուած նախադասութիւն մըն է եւ ոչ աւելին, - պատասխանեց ան։ Ես տարակոյսի տակ մնացի. նոյն օրը, կէսօրին, դիմեցի Անդրէաս վարժապետին, որ այդ օրերուն Խարբերդ կը գտնուէր. պարզեցի խնդիրը անոր եւ լուծում խնդրեցի։ Անդրէաս վարժապետ գլուխը վեր առաւ առանց որեւէ վարանումի, կարծես թէ պատրաստուած ըլլար այդ հարցումին պատասխանելու, ժպիտով մը ըսաւ. Տէ՛ր Հայր, Հայր Բագրատունիի «Տարերք Քերականութեան» մէջ յարաբերական դերանուան մասին կանոն մը կայ, ըստ որում, ան յօդ չ'առներ, բայց իր յօդը իր գոյականին կու տայ. արդ, փոխանակ ըսելու՝ «Տէր Աստուած մեր, որոյդ կարողութիւն...», դ դիմորոշ յօդը տալով իր գոյականին, կազմած են «Տէր Աստուած որոյ կարողութիւնդ անքնին...» նախադասութիւնը։ Շնորհակալութեամբ բաժնուեցայ իրմէ եւ ուղղակի վարժարան շտապեցի, գտայ Թլկատինցին, որ կը գտնուէր ուսուցչական խումբին հետ, անոր հաղորդեցի Անդրէաս վարժապետին բացատրութիւնը։ Թլկատինցին իր հիացումն յայտնեց անոր մասին. - Վա՜յ քեաֆիր, ինչպէս միտքը պահեր է. այսպէս ժամանակի մը մէջ՝ որ «Տարերք Քերականութեան» անունը անգամ մոռցուեր է... «Աստուծոյ ծաղրն է աշխարհն ալ արդէն...»։ Հէգ Դուրեանը պիտի գար եւ օգնէր ինձի, որ փակէի այս գրութիւնը, որ իւրահատուկ ոգեկոչում մը եղաւ Ապրիլ 24ին. «Տէր Աստուած, որոյ կարողութիւնդ անքնին է...» Տէր Աստուած իմաստութիւն տուր որ հասկնամ այս բոլորը եւ Անդրէաս վարժապետէն, Հայրապետ Կատարեանէն մինչեւ Ֆեթհիյէ Չէթին, մինչեւ Ռոզ, Տէյվիդ, Ռիչըրտ եւ Լորին ո՞ւր ենք եւ ուր կ'երթանք։ |
||
Մեսրոպ Արք. Աշճեան
|
||
| ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ | ||
|
For Unicode Armenian language support please visit www.armunicode.org | ||