ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԸ

Առաքելոց Վանքը մօտաւորապէս 1600-1700 տարուան պատկառելի հաստատութիւն մըն էր։ Մեր նախահայրերը իրենց տուներէն փառաւոր, իրենց ամրոցներէն աւելի ամրապինդ ու գեղեցիկ հոյակապ վանքեր կանգնած էին։ Առաքելոց Վանքը մի գուցէ Սբ. Աղբէրիկէն վերջ հաստատուած առաջին վանքն է, ուր մեր նախահայրերը իրենց յուսահատ եւ ուրախ օրերուն յառած են իրենց աչքերը հոն հաւատքի եւ յոյսի հետ։ Հոս այդ նուիրական հաստատութեան մէջ նոր գոյամարտ մը պիտի մղէինք ցեղին բարօրութեան եւ խաղաղիկ կեանքին համար։

Առաքելոց Վանքը Մուշ քաղաքէն մէկ ու կէս ժամ արեւելեան հարաւ լերան մը տափարակ գետնին վրայ կը կենայ, վեց էյքր(*) տարածութեամբ՝ սիրուն ծառաստաններով ու այգիներով շրջապատուած։ Երբ մեր աչքերը դէպի արեւելք յառենք 120 քայլի վրայ կը տեսնենք Աստուածածնի աշտարակը, իսկ արեւմուտք՝ վանքի այգին, հարաւ՝ իր գոմը եւ մարագը։ Իր քովիկն է Իշխանաց եւ Թադէոս Առաքեալի աղբիւրները։ Դէպի հարաւ Սասուն տանող ճամբան եւ Ծիրին կատարն է Կուռթիկ Կորէկի աղբիւրին հետ։

Առաքելոց Վանքը շրջապատուած Է մէկ քանի Հայկական գիւղերով։ Վանքին անմիջապէս ստորոտը կէս ժամ հեռուն Արախ կոչուած Հայկական գիւղն է, ժամ մը հեռաւորութիւն չունին Հաւատորիկ եւ Բերդակ գիւղերը։ Ժամ մը հեռաւորութեան վրայ ՏԷրքԷ վանքն է: Ժամ մը կարճ ճամբայով Մոկունքը, ժամ մը լեռնային ճանապարհով Մուշ քաղաքը։ Մուշ եւ վանքը բաժնող լեռը Խեւ Յովհաննէսի Քարերն են։

Հաստատուն եւ բարձր պարիսպ մը կը շրջապատէ վանքը։ Երկու դռներ ունի, որոնցմէ մէկը փոքր, իսկ միւսը երկփեղկանի կամարաձեւ մեծ երկաթապատ գամերով ծածկուած դուռ մըն է, վեց մէթր բարձր, վեց մէթր երկայն եւ հինգ մէթր խորունկ։

Վանքը ունէր իր սեփական ջաղացքները, այգիները, հողերը, կովերը, եզները եւ ոչխարները։ Ուխտաւորներուն համար շինուած էին մօտաւորապէս քառասուն սենեակներ։ Վանքին հոգածութիւնը եւ հսկողութիւնը յանձնուած էր Վանահայր Յովհաննէս Վարդապետին։ Յովհ. Վարդապետ բարի, ջերմեռանդ եւ առաքինի յատկութիւններով օժտուած կղերական մըն էր։ Իր հոգածութեան տակ էին 60-70 որբեր որոնց կը դասաւանդէր ուսուցիչ-վարպետ մը Հայերէն լեզուն, կրօնը եւ կը սորվեցնէր արհեստներ։ Վանքը իր ուսուցիչներով, կղերներով, տնտեսներով, հովիւներով ընդամէնն 80 հոգի էին։ Մենք հոս այս վանքին մէջ էր որ պիտի ամրանայինք ու կռուէինք թուրք զինուորին դէմ։


ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ   ՅԱՋՈՐԴ ԷՋ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ