ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Հաւատորիկի գոմերէն ճամբայ ինկանք դէպի Շէյխնիստ։ Շէյխնիստի բնակիչները ամէնքն ալ մեզ կը ճանչնային, ըլլար ծեր կամ փոքր, այր թէ կին։ Գիւղացիք երբ տեսան մեզ, սրտաբաց եւ ուրախ մեզ ողջագուրեցին։ Անոնք ուրախ էին մեր ազատութեան եւ յաղթանակին համար, անոնք հիւրասիրեցին մեզ կաթով, կարագով, մածունով ու թանով։ Այս գիւղէն վեց երիտասարդներ կանչեցի եւ պատուիրեցի որ երեք խումբերու բաժնուին եւ երթան ու լուր մը բերեն մեր տղոցմէն։ Տղայքները հազիւ մեկնած էին, երբ գիւղացիք լուր բերին թէ ճիժերը իրենց հետ շալակաւորներ ունենալով ձորէն անցան։ Այս որ լսեցի, ըսի անոնց. «Հաստատ դուք տեսա՞ք ճիժերը»։
«Այո՛ փաշա, տեսանք»։
«Տղերք, ուրեմն եկէք որ երթանք, շուտ աճապարեցէք ու անոնց հասնինք»։
Տղայքները յոգնած էին։ Անոնք ամէնքը մէկ մէկ կողմ ինկած կը քնանային։ Երկա՜ր աշխատանքէ ու ջանքէ վերջ, վերջապէս կրցայ ոտքի հանել զանոնք, յառաջ երթալու եւ մեր ընկերներուն միանալու համար։ Երբ ճամբայ կ'ելլէինք, գիւղացիներուն պատուիրեցի որ մեր ոտքերուն հետքը ձիւնին վրայէն անհետացնելու համար գիւղին ոչխարները դուրս հանեն։ Երբ մենք դուրս կ'ելլէինք, անոնք իրենց 6000 ոչխարները դուրս հանեցին մեր ոտքերուն հետքերը անհետացնելու համար։
Երբ Քոբ երթալու համար ձորին բերանը հասանք՝ դէպի լեռը բարձրանալու, մեր առջեւ խումբ մը նշմարեցինք։ Տասնեւութը հոգինոց խումբ մըն էր ան։ Այդ խումբէն երկու հոգի բաժնուեցան եւ դէպի մեզի ուղղուեցան։ Երբ մեզի մօտեցան, տեսանք թէ մէկը Հայ էր, միւսը Քիւրտ։ Հայուն հարցուցի թէ. «Տղա՛յ, մեր առջեւէն քալողները որո՞նք են», ըսաւ. «Փաշա՛, ութը Քիւրտ, մնացածը Հայեր են»։
«Շատ լաւ»։ Քալեցինք եւ հասանք խումբին։ Երբ Չէթօ եւ Սէյտօ Պօղոսը քիւրտերը տեսան՝ հրացաննին վերցուցին որ սպաննեն։ Ապտակ մը մէկին, ուրիշ մը միւսին զարկի եւ սկսայ բարկանալ, եւ դառնալով քիւրտերուն ըսի. «Մի՛ վախնաք, ոեւէ բան պիտի չպատահի ձեզի»։
«Տղերք, 21 օր 6000 թուրք զինուորներու դէմ կռուեցաք եւ ազատեցաք, ամօթ չէ՞ մեզի, աշխարհ ի՞նչ պիտի ըսէ, երբ լսէ որ մենք սպաննեցինք այս անզէն քիւրտերը, այդքան պատուաւոր դիմադրութենէ վերջ»։
Տղայքները ազդուած իմ խօսքերէն, գլուխնին կախեցին եւ մտիկ ըրին։ Այս քիւրտերը կը պատկանէին Պօչըգցի էշիրէթին։ Ձիւնին վրայ նստեցանք քիչ մը հանգչելու համար։ Քիւրտերը իրենց հացին ծրարները բացին եւ ծխախոտի փայտէ տուփերը տուին մեզի ծխելու համար։ Օրերով ծխած չէինք։ Հակառակ ձմռան ցուրտին եւ ձիւնին առթած դժուարութիւներուն, մենք մոռցած մեր յոգնութիւնը՝ կը քալէինք ժամ առաջ տղայոց հասնելու։ Հեռուն ձիւնին մէջէն ուրիշ խումբ մը երեւցաւ։ Հայերուն հարցուցի թէ. «Ձեր առջեւէն քալողները որո՞նք են, գիտէ՞ք»։
«Այո՛ փաշա, ճիժերն են»։
Հազար քայլի չափ հազիւ քալած էինք, երբ ձիւնին մէջէն մէկը երեւցաւ։ Մոկաց Եսթերին եղբայրն էր։ Այն տղան էր որ Եսթերին պատիւը փրկելու համար Մուշեցի թուրք շէրիֆը սպաննած եւ մեր մօտ եկած էր։ Տղան պառկած էր կռնակին վրայ, աչքերը ծռած էին, լեզուն իր բերնէն դուրս ինկած էր, եւ արիւն կը կաթէր։ Խէնչէրովս իսկոյն ակռաները բացի եւ դգալի կոթ մը անցուցի ակռաներուն տակ լեզուն ազատելու համար։ Քառորդ ժամ շփել տալէս վերջ, ձեռքը ձեռնոցներ անցուցի, գլուխը փաթթեցի ու քրդերուն շալկեցնելով ճամբան շարունակեցինք։
Մտահոգ էի, ի՞նչ էր պատահած որ այս տղան հոս միսմինակ ձիւնին մէջ ձգուած էր։ Ինչո՞ւ համար տղայքը իրենց հետ վերցուցած չէին զայն, այս մտածումին տակ ճնշուած՝ արդէն հասած էինք սարին գագաթը։ Երբ դէպի Քոբ երթալու համար ձորը մտանք, ձիւնին մէջ մեր տղայոց հրացաններուն կոթերուն կաղապարները տեսայ։ Մեր եւ թուրք զինուորին հրացաններու կոթերուն ձեւերը տարբեր էին։ Հակառակ իմ պատուէրիս, տղայքը անզգոյշ գտնուած էին իրենց հրացաններուն կաղապարներուն հետքերը ձիւնին մէջ թողելով։ Ես պատուիրած էի անոնց որ միշտ զգոյշ ըլլան ոեւէ հետք չթողելու իրենց ետեւ թշնամիին ցոյց չտալու իրենց ուղղութիւնը կամ անցքը։
Ուրախ էի։ Մեր զինուորները մինչեւ հոս ապահով եկած էին եւ այլեւս ասկէ անդին ոեւէ վախ ու վտանգ չկար անոնց։ Արագ արագ կը հետեւինք անոնց հետքերուն։ Այս միջոցին Եսթերին եղբայրը սկսաւ լալ ու խօսիլ։
«Տղա՛յ, ո՞վ էր քովդ»։
«Ասատուրը եւ Վարդանը»։
«Գէորգը, Վաղարշակը, Հաճի Յակոբը եւ բոլորն ալ գացի՞ն»։
«Այո՛ փաշա, գացին»։
Քոբ գիւղի Զէյնեկցիկ ըսուած գոմերը չհասած՝ բռնեցինք տղայքները։ Անկարելի էր բառերով նկարել այն խանդավառ գիրկընդխառնումները, համբոյրները եւ արտայայտութիւնները որ պատահեցան այդ գոմերուն մօտիկ ճերմակ ձիւնին վրայ եւ կապոյտ երկինքին տակ:
Քիչ վերջ երբ գիւղացիք լսեցին մեր գալը եւ տեսան մեզ, իսկոյն գացին եւ իրենց խոստումները կատարեցին մատաղներ ընելով։ Եօթը ոչխարներ մորթուեցան այդ օր այդ գիւղին մէջ։
Գէորգ Չաւուշը քովս կանչեցի հասկնալու համար թէ ի՞նչ պատահած էր իրենց որ չընկերացան ինծի, այլ թեքուեցան դէպի ձորը։
Գէորգ պատասխանեց թէ երբ դուք թուրք զինուորին հետ կը խօսէիք, տղայքները առանց հնազանդելու ձեր պատուէրին, Թուրքերուն ետեւի դիրքերը բռնելու, ձորն ի վար սահեցան շուտ ազատելու համար։ Ցրոնքէն նոր եկող անվարժ զինուորներէն մէկը հակառակ պատուէրիդ եւ իմ խուզարկութեանս, իր հրացանը գաղտնի լեցուցած է եղեր, ձորն ի վար սահելու ատեն հրացանը յանկարծ պայթեցաւ եւ գնդակը գնաց Մկրօին ապան ծակեց եւ ջարդ ու փշուր ըրաւ Մկրօին փամփուշտակալը։ Մկրօն խորհեցաւ թէ զարնուած է, ուստի սկսաւ պոռալ եւ անունս տալ։ Վազեցի եւ քննեցի, ու տեսայ թէ զարնուած չէ։ Այդ ատեն՝ տղան վախնալով թէ Մկրօն մեռած է, ձգեց մեզ ու փախաւ։ Հազիւ քանի մը վայրկեան անցած էր, Հաճի Յակոբին ձայնը լսեցի որ այն ալ իմ անունս կուտար ըսելով՝ որ վիրաւորուած է եւ չի կրնար քալել։ Մօտեցայ եւ տեսայ թէ վիրաւորուած չէր հակառակ իր աղմուկին եւ վախին։ Ձորն ի վար սահելու ատեն բարձրութենէ մը վար ինկած էր եւ սուր քար մը անոր զիստը մխուած էր քչիկ մը արիւնելով։ Այս դէպքը Հաճի Յակոբին խորհիլ տուած էր թէ վիրաւորուած է։
«Ի՞նչպէս եղաւ որ դուք գոմը չկրցիք գալ»։
«Գոմը չկրցինք գալ, քանզի քամին շատ սաստիկ էր, եւ մենք մեծ դժուարութեամբ Սինէ Մերիկ չգացած՝ սարը ուղղուեցանք եւ անկէ եկանք Քոբ»։