ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԻՆ ՄԱՀԸ
Յարութիւնին վէրքը ես իմ ձեռքովս կը դարմանէի։ Վանքին մէջ պէտք եղած դեղօրայքները եւ միջոցները չունէինք։ Ինչ որ կրնայինք ընել ըրինք առանց բան մը զլանալու։ Հովանոցի ձողի մը (ճաղ մը) վրայ խայթան մը անցուցած երեսուն սանթիմ երկարութիւն ունեցող վէրքը զգուշութեամբ կը մաքրէի։ Գնդակը ջախջախած էր սրունգին ոսկորը եւ մկանները։ Վէրքը օրէ օր սկսաւ նեխիլ եւ ծանրանալ։ Այլեւս գիտէի որ ապրելու ոեւէ յոյս չկար, բայց չէի խնայեր ոեւէ բան քանզի Յարութիւնը ամէնէն քաջ եւ ամենէն շատ սիրուած զինուորն էր։ Նոյմ. 20ի գիշերը զիս իր քով կանչեց եւ ըսաւ. «Փաշա այլեւս գիտեմ որ պիտի մեռնիմ, եղբօրս տղին դպրոց դրէք եւ կռնակիս ապան անոր ղրկեցէք։ 10 արծաթ տուած էիր Համբարձումը թաղելու, ահա աւելցածը առ։ Վստահ եմ թէ դուք իմ վրէժս տասն անգամ աւելի պիտի լուծէք»։
Աւելորդ կը համարէի այլեւս քաջալերական ոեւէ խօսք խօսիլ։ Գրկեցի զայն, թեւերուս մէջ եւ համբուրել սկսայ։ Ջուր ուզեց, խմցուցի եւ քիչ վերջ բաժնուեցայ թաց աչքերով եւ կոտրած սրտով։ Յարութիւնը ինկա՜ծ էր, քաջ Յարութիւնը՝ անոր կորուստը մեծ շատ մեծ նշանակութիւն ունէր մեզի։ Զինուորները մէկիկ մէկիկ Յարութիւնին քովը ղրկեցի որ համբուրեն զայն եւ իրենց վերջին յարգանքը մատուցանեն՝ որուն արժանի էր Յարութիւն։
Առաւօտեան դէմ ժամը երեքին Յարութիւնն ալ մեռաւ, խոր սուգի եւ վշտի ենթարկելով իր բոլոր ընկերները։ Երգելով ու աղօթելով, խաչով ու խունկով Ղազարին նման թաղեցինք զայն Սբ. Գէորգի մատուռին առջեւ։
Յարութիւնը ազնուախոհութեամբ եւ քաջութեամբ առաջին էր զինուորներուն մէջ։ Բոլոր ընկերները ըլլային անոնք հինգ տարուան կամ երկու կամ երէկի եկողները՝ կը սիրէր, կը գուրգուրար անոնց վրայ։ Հուժկու էր, լայնսիրտ եւ անվախ։ Շատ համեստ էր եւ պարկեշտ, զոհաբերող ու ներող։ Միջակ կրթութեան տէր՝ բայց հայրենասիրութեամբ լեցուն էր։
Մեր փամփուշտները հատնելու մօտ էին, ուստի աէտք էր նոր փամփուշտներ լեցնել, վառուած փամփուշտներուն պակասը լրացնելու համար։ Գործի լծուեցանք եւ այդ գիշեր 5000 փամփուշտներ լեցուցած էինք յաջորդ օրուան յարձակումին դիմադրելու եւ ոեւէ պատահականութեանց տոկալու համար։