Մենք կը խորհէինք թէ թուրք զինուորները անպատճառ յարձակում կը գործէին, բայց այդ օր ալ խաղաղ անցաւ։
Ժամը 3ին, Ը. Թ. վարպետ-վարժապետին սենեակը նստած կը խօսէինք, երբ վարպետը խօսակցութիւնը փոխելով ըսաւ. «Փաշա, քանի մը անգամներ մահուընէ ազատած եմ, արդեօք այս անգամ ալ պիտի ազատի՞մ»։
«Այո, պիտի ազատիս»։
«Փաշա թէյ մը կը խմես»։
«Այո, կը խմեմ»։
Հազիւ թէյին գաւաթը ձեռքս առած էի, յանկարծ հրացանի մը ձայնը լսեցի։ Եկած հրացանի ձայնը մեր հրացաններուն ձայնն էր։ Գաւաթը անմիջապէս ձեռքէս ձգեցի եւ պոռացի մեր տղոց որ խիստ կրակ բանան Թադէոս Առաքեալի առուի ծառերուն վրայ։ Այս ատեն Յարութիւնին ձայնը լսեցի որ կը պոռար. «Փաշա՛, զարկէք գոմի եւ Թադէոս Առաքեալի աղբիւրին կողմը ծառերուն մէջ, մեզ վառեցին»։
Յարութիւնը Համբարձումը թաղելէ վերջ Չէթօի, Ղազարի, Եղօի եւ քանի մը շալակաւորներու հետ վանք եկած էր։ Մեր խիստ կրակին տակ Յարութիւնը կրցաւ շալակաւոր ընկերներուն հէտ վանքին դռան առջեւ գալ։ Երբ դուռը բացինք եւ ներս առինք զանոնք տեսանք թէ Յարութիւնը իր վերի սրունքէն վիրաւորուած է։
Կէլիկուզան գիւղացի Խէչօին զաւակը Ղազար վիրաւորուած ինկած Էր գոմին ետեւ 150 քայլի վրայ։ Ղազար դրսէն շարունակ կը պոռար. «Փաշա՛, փաշա, ճիժերուն ըսի, զարկէք հրացան մը գլխուս, չզարկին եւ զիս հոս թողուցին, չեմ կրնար քալել»։ Կը մտածէի եթէ դուրս հանեմ 8-10 տղայքներ, մէկը ազատելու տեղ ուրիշներ ալ պիտի վտանգեմ, ուստի պոռացի. «Չէ որ դուն Մէյրօի-Մայրիամին տղան ես, չէ՞ դուն քու աղբարներուդ արիւնը կը կռես երակներուդ մէջ, կտրիճ եղիր եւ օձի պէս սողա եկուր, շան պէս փախեր են թուրք զինուորները»։
Մեր կրակէն թշնամին ահաբեկած փախած էր։ Այս քաջալերանքիս վրայ Ղազար դէպի մեզ շարժեցաւ եւ եկաւ Թադէոս Առաքեալի աղբիւրի ջուրին վրայ ինկաւ եւ սկսաւ ջուր խմել։ Մենք մեր դիրքէն կրնայինք տեսնել Ղազարը։ Ոտքի ելաւ եւ սկսաւ քալել դէպի մեզ։ Գոմին մէջ պահուած թուրք զինուորները դուրս եկան որ Ղազարը բռնեն։ Մենք ուշի ուշով կը հետեւէինք Ղազարին, երբ այս տեսանք՝ թուրք զինուորներու վրայ խիստ կրակ բացինք։ Մեր կրակին տակ թուրք զինուորները դէպի գոմը փախան եւ Ղազար եկաւ հասաւ մեր մօտ։ Ղազարին գլուխը թեւերուս մէջ առի եւ զայն գգուեցի։ Ձախ թեւին ոսկորը կոտրած էր։
«Ղազար մի՛ վախնար, Աւօն կը բժշկէ քեզ»։
Բայց երբ Ղազարին իշլիկը հանեցինք պառկեցնելու, տեսայ թէ ձախ կողէն ալ վիրաւորուած էր եւ ճերմակ իւղի կտոր մը դուրս ինկած էր։
Ղազարին վիճակը շատ ծանր էր։ Տասը վայրկեանի չափ թեւերուս մէջ մնաց եւ շարունակ ջո՜ւր ջուր կ՛ուզէր։
«Ղազար ի՞նչ կ'ուզես, ըսէ ինծի»։
«Փաշա իմ կողմէս մօրս եւ եղբայրներուս ձեռքերը համբուրէ, կարծեմ սխալ մը չգործեցի այս ճամբուն մէջ իյնալուս համար»։ Փայտէ շերեփով ջուր խմցուցի ու այլեւս չկրցաւ խօսիլ։
Յարութիւնին քով գացի, տեսայ թէ անոր վէրքն ալ ծանր էր։ Իր վերի սրունքէն վիրաւորուած էր եւ վէրքը երեսուն սանդիմեթր երկար բացուածք մը ունէր։
Յարութիւն այնքան քաջ ու յանդուգն էր որ անտեսած էր իմ պատուէրիս։ Ան արհամարհած էր թշնամին եւ մեզի օգնութեան եկած էր։ Երբ Ծիրին կատարը կը հասնին, հոն չեն գտներ մեր տղայքները։ Եթէ մենք պաշարուած չըլլայինք անպայման անոնք պիտի գտնէին մեր երկու ընկերները զիրենք դիմաւորելու համար։ «Յարութի՛ւն, փաշային թելադրած ճամբայով երթանք, կ'ըսեն իր ընկերները, Արծիւի եւ Արապոյի քարերէն, յայտնի է որ պաշարուած են»։ Յարութիւն առանց կարեւորութիւն տալու անոնց խօսքերուն, կ'ըսէ. «Քիչ մըն ալ երթանք եւ տեսնենք թէ ի՞նչ կայ»։
Երբ քիչ մըն ալ կը ցածնան, վանքին գմբէթը եւ զանազան կրակներ կ'երեւին այլեւայլ կէտերու վրայ։ «Յարութի՛ւն, ատոնք թուրք զինուորներու կրակներն են, եկուր փաշային պատուիրած ճամբայէն երթանք»։ «Եկէք քիչ մըն ալ ցածնանք, մինչեւ բերուտեղը(**)»։ Երբ հոս կը հասնին Յարութիւն կ'ըսէ. «Սարգիս եւ Ղազար դուք հետս եկէք, իսկ մնացածներդ հետ կեցէք, կ'ուզեմ խուզարկութիւն մը կատարել եւ տեսնել թէ ի՞նչ կայ»։ Յարութիւն իր երկու ընկերները առած երբ կը ցածնար, յանկարծ ձայն մը կը լսէ։
Թուրք զինուորներուն մէջ հայերէն խօսող Քիւրտեր ալ կային։ Անոնք վերը բարձր լերան վրայ հորիզոնին մէջ նշմարած էին խումբին շարժիլը, երբ մօտեցած էին իրենց, անոնք իրենց խօսքը ուղղելով Յարութիւնին ըսած էին. «Ինչո՞ւ կայնեցաք, եկէք, եկէք, բոլոր ճիժերը գոմին մէջ են»։
Յարութիւն անծանօթ ձայները ճանչնալով փարօլան կը պոռայ եւ սակայն պատասխան չընդունիր։ «Տղայք կրակեցէք, թշնամիներ են»։ Թուրք զինուորներ ալ կրակ բացած էին ճիշտ նոյն ատեն։ Գոմին ետեւ գտնուած փոքր բլրակին վրայ տասնեւհինգ քարեր կային, այդ քարերուն ետեւ պահուած թուրք զինուորներու համազարկէն էր որ վիրաւորուած էին Յարութիւն եւ Ղազար։