ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄՈՒՇԷՆ

Նոյ. 7ին երբ թուրք զինուորները մեզ պաշարած էին, Անգլիացի հիւպատոսը Մուշ քաղաքը թողուցած Պիթլիս կը մեկնէր։ Ռուս եւ Անգլիական հիւպատոսներուն մէջ խուլ պայքար մը սկսած է։ Ռուս հիւպատոսը ամէն ջանքերով Հայ ժողովուրդը Օրթոտոքս Եկեղեցիին կապել կը ջանար, ուստի անոր յաջողութիւնները անուշ չէին գար Անգլիացի հիւպատոսին։ Թուրք պաշտօնեաները եւ Ռուս հիւպատոսը կը խորհէին թէ ես իմ թելադրութիւներս եւ ռազմանիւթս Անգլիական հիւպատոսէն կ'ստանամ, ուստի ամէն գնով իրարու դէմ լեցուած էին ատելութեամբ։

Նախկին յեղափոխական Արապպոյի հայրը ճերմակ մօրուքով, 95 տարեկան յարգելի ծերունի մըն էր։ Վանահայրը կը կերակրէր զայն եւ ծերուկը վանքի գոմին մէջ կը քնանար։ Կռիւի նախօրեակին գոմէն վանք բերի, հոն մնալու եւ թուրք զինուորներու եւ մեր գնդակներու զոհ չերթալու։ Ծերունին գոմի կեանքը կը սիրէ եղեր, ուստի առանց իմ գիտակցութեանցս դարձեալ վանքին գոմը գացած էր։

Նոյ. 8ի առաւօտն էր։ Արեւը կը փայլէր մեր գլխուն վերեւ։ Ամէն բան պարզ եւ որոշ կ'երեւէր մեր շուրջը սառած գետնին վրայ եղեամով ծածկուած կարմիր ֆէսեր կ'երեւէին գոմին առջեւ։ Տեղ տեղ արեան կարմիր շիթեր կ'երկարէին, ուստի ձայն տուի տղայոց որ լաւ հսկեն դիրքերուն։ Ճարպիկ վազող տղայքները գոմը ղրկեցի որ երթան եւ ֆէսերը հաւաքեն եւ բերեն։ Երբ տղայքները գոմը կը մտնեն, Արապոյի հայրը գետնին վրայ պառկած կը տեսնեն։

Արապոյի հայրը եւ ֆէսերը առած գոմէն վանք եկան։ «Ափօ ինչո՞ւ գացիր գոմ, գիշերը ի՞նչ տեսար»։

«Երէ փաշա, եօրղանս առին, տօշակս առին, բոլորը արեան մէջ թաթխեցին։ Եօթը հատ դիակ բերին։ Թուրք զինուորներէն մին հրացանը սրտիս դրաւ որ պիտի սպաննէր զիս, կարմիր երեսով խորոտիկ մարդ մը կար որ երեսին վրայ սպի մը ունէր, էն մարդը չթողուց, էն մարդը օր թողնէր զիս կ'սպաննէին»։

Մենք Ափօին տուած լուրերուն համաձայն, հասկցանք որ այդ մարդը հայութենէ իսլամ դարձած Մահմէտ Էֆէնտին էր։

Այդ օր աղօթարանը բացուելու մօտ Ղազար իր հոգին աւանդեց։ Զանգակատան քով անոր գերեզմանը փորուեցաւ, որբերը եւ ուսուցիչները ազգային երգերով, խաչով ու խաչվառով թաղեցինք սիրելի Ղազարը։ Մեր երգեցողութիւնը կը լսէին թուրք զինուորները իրենց դիրքերուն ետեւէն։ Երկու օր վերջը բնական մահով Արապպոյի հայրն ալ մեռաւ ու մենք զայն ալ թաղեցինք։


ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ   ՅԱՋՈՐԴ ԷՋ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ