Նոյ. 5ի Երկուշաբթի առաւօտն էր։ Վանքին լուսարարը Սահակ Խեւ Յովհաննէսի Քարերէն հեւաշունչ դէպի վանք կը վազէր, երբ այս տեսայ Գէորգին ձայն տուի։ Գէորգը գնաց դիմաւորելու Սահակը եւ իր այլայլումին պատճառները հասկնալու։
« Ի՞նչ կայ Սահակ, ինչո՞ւ շունչդ կտրած է, ի՞նչ պատահած է Մուշ քաղաքին»։
«Բան մը պատահած չէ, բան չկայ, կարծեմ որբերը այս տեղէն Մուշ պիտի բոխադրեն»։
Գէորգը եկաւ եւ պատմեց լուսարարին պատասխանը: Այդ բացատրութիւնը զիս չգոհացուց: Քիչ վերջ տեսայ թէ լուսարարը եւ վարպետ-վարժապետը գորգի հորերը կը քանդեն, գործիքները կը կապեն, որպէսզի ուսուցիչ եւ որբեր վանքէն դուրս գան։
Այս իրարանցումը տեսնելով, ջղայնոտած եւ գրգռուած վարպետը քովս կանչեցի եւ տարի զայն Սբ. Գէորգի մատուռը երդուընցնելու համար։
«Ի՞նչ ըսաւ լուսարար Սահակը քեզի Մուշէն դարձին, ի՞նչ լսեցիր որ հորերը կը քակես եւ որբերը Մուշ կ'ուզես տանիլ»։
Վարժապետը դողդոջ ու գունատ դէմքով մը սկսաւ «Պատրիարքարանէն լուր եկած է որ անմիջապէս որբերը Մուշ փոխադրեմ»։
Այս խօսքերը ինծի ոչ գոհացում եւ ոչ ալ բաւարարութիւն չտուին, ուստի քիչ մը բարկացած ձայնով ըսի, «Վարպետ շիտակը ըսէ, թէ ոչ բոլորը ըսել պիտի տամ»։ Երբ կմկմալ սկսաւ եւ տհաճ դէմք մը առաւ, իսկոյն խէնչէրս դուրս քաշեցի եւ սպառնացայ որ ճիշտը խօսի, երբ այս տեսաւ սարսափահար պոռաց.
«Կեցի՛ր փաշա, կեցի՛ր, կեցի՛ր, կ'ըսեմ իրողութիւնը։ Թուրքերը գիտեն թէ դուն քու տղայքներուդ հետ հոս ես, ուստի զինուոր եւ թնդանօթ պիտի քաշեն վանքին վրայ։ Ռուսիոյ հիւպատոսը առարկած է Թուրք կառավարութեան թէ, այդ վանքին մէջ որբեր կան եւ անոնք անմեղ են, եւ թէ այդ վանքը ոչ միայն Հայերուն կը պատկանի, այլ ամբողջ քրիստոնեայ ազգերուն, որովհետեւ վանքին գմբէթին վերեւ խաչ է որ կը փայլի։ Խոսրով վրդ. Պէհրիկեան եւ վանահայր Յովհաննէս վրդ. լուր ղրկած են որ որբերը Մուշ փոխադրեմ»։
«Տեսա՜ր, հիմա շիտակը խօսեցար, ուստի գնա»։
Երթեւեկութիւնը այլեւս դադրած էր Մուշի եւ Առաքելոց վանքին միջեւ։ Վանահայրը Մուշ մնացած էր, իսկ որբերը եւ վանքին աշխատաւորները փակուած էին վանքին մէջ։ Վանքին տնտես մայրիկը որ 80 տարեկան ծերունի կին մըն էր, քովս կանչեցի. «Մայրիկ այս մարդոց հետ գացէք եւ տեսէք թէ վանքին մէջ ո՞րչափ ալիւր, հաց, միս, կորկոտ կայ, լուր մը բերէք ինծի»։
Լուր բերին թէ վանքին մէջ գտնուած պաշարը մէկ ամսուան բաւարարութիւն միայն կրնայ տալ։
«Տղերք, հաւանական է որ վանքին ջուրը կտրեն, ուստի բոլոր Միաբանութիւնը եւ դուք ջուրերով լեցուցէք գինիի կարասները եւ Մատաղի կաթսաները, որպէսզի առատ ջուր ունենանք։ Ջուր լեցուցին բոլոր կարասներու մէջ, եւ ամէն բան իր կարգին մէջ էր. սակայն եւ այնպէս Յարութիւնը իր ընկերներուն հետ չեկաւ։