ՄԵԾ ԿՌԻՒԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Նոյ. 12ի առաւօտն էր։ Օդը սկսաւ ալ աւելի ցրտանալ եւ ձիւնը բարձր լեռներէն հետզհետէ ցածնալով եկաւ հասաւ վանք։ Մեզ պաշարող 6000 թուրք զինուորները ձմրան փուքէն ու ցուրտէն պաշտպանելու համար մօտակայ հայ գիւղերէն -Բէրդակէն, Արախէն, Տէրքէ վանքէն, Ալի Զռնայէն վեց հարիւր լծկան եզներ բերած են իրենց ծառայեցնելու եւ գետնափոր տուներ եւ դիրքեր շինելու։ Մուշէն եւ Մուշի շրջանէն հայ վարպետներ եւ գիւղացիներ բռնի հաւաքելով բերուած էին այս շինութիւնը լրացնելու։ Վեց գիշերուան մէջ 196 գետնափոր տուներ շինուած էին այլեւայլ դիրքերու վրայ։ Ցորեկ ատեն աշխատանքի չէին կրնար լծել, քանզի անոնք պիտի վտանգուէին մեր կրակներէն, ուստի գիշերուան մութէն կ'օգտուէին միմիայն։ Շինուած դիրքերը թուրք զինուորներուն հազիւ վանքի պարիսպէն 200-250 քայլ հեռու էին։

Նոյ. 12ի առաւօտ կեղծ ցոյց մը կատարեցին թուրք զինուորները։ Իրենց դիրքերէն քիչ մը անդին փայտերու վրայ ֆէսեր դրած էին։ Մեր տղայքներ թուրք գլուխներ կարծելով կը կրակէին անվերջ եւ ուժգին կերպով, սակայն եւ այնպէս այդ ֆէսերը հոն էին եւ չէին իյնար։ Ինծի իմաց տուին, կեղծ խաղը իսկոյն նկատեցի եւ հրամայեցի որ դադրեցնեն իրենց կրակները։

Այդ կեղծ ցոյցէն հազիւ քանի մը ժամ անցած էր մուրճի մը խուլ ու անվերջ հարուածներուն ձայնը լսելի եղաւ։ Թուրք զինուորները յաջողած էին Աստուածածնի Աշտարակին արեւելեան սեղանի կողմի պատը ծակել եւ ներս մտնել։ Մէգը եւ մշուշը ամէն բան փակած էր մեր աչքերուն առջեւէն։ Թանձր մութ մշուշի պատ մը կար մեր եւ անոնց մէջտեղ։ Ոչինչ չէր լսուեր, ոչինչ չէր հասկցուեր բացի մուրճի մը անվերջ ու խուլ հարուածներուն շարունակական ձայներէն։ Մենք երբ հարուածներուն ձայնը լսեցինք, խորհեցանք թէ պարիսպն է որ կը ջանան ծակել, երբ լուսարար Սահակը եկաւ եւ հեւաշունչ ձայնով մը ըսաւ. «Փաշա՛ դուռը կը ծակեն»։ Թուրքեր Աշտարակի մատուռը մտնելէ վերջ կը ջանային դուռը ծակել եւ հրացանի ծակեր բանալ դրան վերեւ իրենց համար։ Այս ատեն մէգն ու մշուշը քիչ մը նօսրացաւ եւ նշմարելի կ'ըլլար ան այլեւս, ուստի մենք բոլորս մեր հրացանները ուղղելով դէպի թուրք զինուորին սատկեցուցինք զայն։

Սպաննուողը թուրք հարիւրապետ մըն էր, որ սրտնեղած իր զինուորին ապիկար մուրճի հարուածներէն, ինք անձնամբ ձեռք առած էր մուրճը դրան վերեւ հրացանի ծակեր բանալ ու ահա այդ ատեն էր որ օգտուելով մէգէն մենք սպաննեցինք զայն։

Պէտք էր հսկել վանքի պարիսպին, պէտք էր հսկել թշնամիին անցուդարձերը, պէտք էր հսկել եւ քաջալերել մեր դիրքերուն մէջ նստած տղայքները, իրեց այս յանդուգն ձեռնարկին համար,պէտք էր իմանալ թշնամիին ուժեղ ճակատը եւ հոն շարել վարպետ եւ ճարտար զարնող տղայքները թշնամին վհատութեան, յուսալքումի եւ պարտութեան մատնելու համար։ Վեց հազար զինուորներ ամէն դիրքերու վրայ ուժեղցած իրենց ափին մէջ առած կը կարծէին մեզ։ Անոնք վստահ էին թէ այսօր կամ վաղը պիտի կրնան ձեռք ձգել մեզ ալ ու ձողերու վրայ անցուցած մեր գլուխները ցոյցի պիտի դնեն Մուշի եւ Պիթլիսի հրապարակներուն վրայ, իրենց կուրծքերը պատուանշաններով զարդարելու եւ նոր դիրքերու արժանանալու։

Նոյ. 17ի առաւօտն էր։ Այսօրուան կռիւը ահաւոր եւ անբաղդատելի էր նախորդ կռիւներուն հետ։ Թուրք զինուորներն ու զօրականները իրենց պաշտօնատարներուն հետ զայրացած էին մեր կորովի եւ յանդուգն կեցուածքին համար։ Իրենց բոլոր երազները եւ ակնկալութիւնները չքացած եւ փճացած էին, ուստի իրենց ատելութեան մէջ մոլեգին, սկսան կրակ տեղալ անվերջ եւ անընդհատ, վայրկեան մը իսկ դադար չկար։ Վեց հազար հրացաններ ամէն կէտերէ ահաւոր ձայներով կուգային կը զարնուէին վանքի պարիսպին եւ գմբէթին, իրենց պատասխան ընդունելով միմիայն քանի մը հրացաններու համրուած փամփուշտները։ Ոչ թրքական հրացանները, ոչ ցուրտն ու քամին կրնային սարսափեցնել եւ մարել կրակը մեր սրտէն, երբ դեռ երէկ արցունքի եւ վրէժի հետ սիրելի Ղազարը դաղեցինք։ Պէտք էր սպաննե՜լ, սպաննե՜լ շարունակ լուծելու համար վրէժը ամէն անոնց որոնք ինկած էին։ Տարափի պէս տեղացող հազարաւոր գնդակները կը սուլէի՜ն, կ'անցնէի՜ն մեր գլխուն քովէն, մեր ոտքերուն առջեւէն, բայց վանքը հոն էր տիրական եւ հզօր։ Մենք երբեք չթերացանք, երբեք չընկճուեցանք, այլ մեր խիզախ կեցուածքով թշնամիին թուլցած եւ վհատած բազուկներուն յուսալքում պատճառեցինք զոհեր խլելով։

Պարտուած եւ ինկած էին թուրք բազուկները, ուստի թուրք դիւանագիտութիւնը իր ճարտար մեքենայութեամբ ուզեց կապել եւ խաբել հայ հերոսները, ուստի երբ անզօր էին իր հրացանները, իր լեզուն, իր սատանայական հնարքները ուզեց ձեռք առնել՝ իր պարտութիւնը, իր ամօթը ծածկելու համար։

Կէսօրուան մօտ էր, երբ յանկարծ հրացանները լռեցին եւ թրքական փողերը դարձեալ սկսան հնչել եւ ահա կին մը երեւցաւ ձեռքերը վեր օդին մէջ բարձրացուցած։ Այդ կինը դէպի մեզ կուգար ձեռքին մէջ թուղթի կտոր մը բռնած։ Երբ կինը վանքի փոքր դրան առջեւ հասաւ, իր ձեռքին մէջ բռնած այդ պահարանը դրան ճեղքէն մեզի տուաւ։ Նամակ մըն էր որ ուղղուած էր մեզի Թուրք կառավարութենէն հետեւեալ իմաստով. «Ի՞նչ կ'ուզէք, ի՞նչ է ձեր պահանջը եւ նպատակը»։

Պատասխանեցի թէ ես իմ ըսելիքներս գրաւոր չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ շատ երկար Է, կ'ուզեմ որ ՖԷրիք եւ Ալի փաշաները Պիթլիսի կուսակալին հետ հոս գան եւ ես այն ատեն բերանացի կ'ըսեմ իմ ըսելիքներս։

Կինը իմ երկտող նամակս առնելով մեկնեցաւ։

Նոյ. 19ի գիշերը ժամը 3.5ին նորէն թուրք զինուորները երեք տեղերով ուժեղ յարձակում մը սկսան։ Մեր 37 կանոնաւոր եւ չախմախլի հրացանները կը պատասխանէին անոնց։ Մութ էր երկինքը։ Ահաւոր մշուշ մը տարածուած էր մեր շուրջ։ Ձիւնը թուրք գնդակներու խառնուած այնքան ահաւոր ու սարսռացուցիչ չէին, որքան բնութեան տարրերուն առթած դժուարութիւնները։ Տասը քայլի վրայ ոչինչ չէր երեւեր։ Ես էի որ միայն իմ ձեռքիս մէջ մաւզէր հրացան ունէի։ Կասկած մը սիրտս կը մաշեցնէր թէ մի գուցէ թուրք զինուորները օգտուելով մշուշէն թնդանօթի կրակով կոտրէին վանքի մեծ երկաթ գամերով ծածկուած երկփեղկանի դուռը եւ ներս լեցուէին։ Այս կասկածին առջեւ տարուած ես մեծ դրան կը հսկէի, քաջալերելով դիրքին ետեւ դիւցազնօրէն կռուող մեր զինուորները, հաւաքելու իրենց ուժերը անվհատ, քանզի կը զգայի թէ մերն է յաղթանակը, որովհետեւ արդարութիւնն էր մեր ընկերը։

Արշալոյսը դարձեալ կը բացուէր եւ թուրք հրացանները դարձեալ կը լռէին իրենց անկումը եւ պարտութիւնը տեսնելով։

Նախորդ իրիկուան կասկածս փարատելու համար իսկոյն կանչեցի Միաբանութիւնը եւ զինուորներէն մաս մը եւ վանքին երկփեղկանի դուռը ետեւէն քարով, փայտով եւ հողով ամրացուցի։ Այլեւս ոեւէ մտահոգութիւն եւ վախ չունէի թնդանօթի կրակէն։

Մեր ամրացուցած այդ դուռը այդպէս մնաց մինչեւ 1908 Օսմ. սահմանադրութեան օրերուն։

Երկու օրուան հրացանի ահաւոր ձայներէն ազդուած Յարութիւնը սոսկալի կերպով կը պոռար։ Ան կը խորհէր թէ մենք զինք պիտի լքէինք եւ ինք ողջ ողջ Թուրքերուն ձեռքը պիտի մնար, ուստի անվերջ եւ անընդհատ կերպով կը պոռար եւ իր ձայնը կը լսէին Թուրք զինուորներն իսկ իրենց դիրքին մէջէն։ Քովը վազեցի եւ գրկեցի զայն եւ ըսի.«Ի՞նչ է Յարութիւն, ինչո՞ւ կը պոռաս»։ «Գնդակ մը չեմ արժեր որ չես սպաններ ու երթար եւ զիս հոս ողջ ողջ թշնամիին կը ձգես»։ «Յարութիւն ի՞նչ գաղափար ունիս մեր վրայ, մենք քէզի համար տեղ պատրաստած ենք, մեր ուսերուն վրայ առած պիտի տանինք քեզ, եթէ չկրնանք ես իմ ձեռքովս պիտի սպաննեմ քեզ»։

Նախորդ գիշերուան մութէն օգտուելով թուրք զինուորները գոմին պատը ծակած ներս խուժած էին։ Գոմին ներսի պատն ալ ծակելով մարագը եկած դիրքեր բռնած էին գոմին եւ մարագին մէջ մեզմէ եօթանասուն քայլի վրայ։ Յանկարծ մէկը քրդերէն լեզուով հայհոյանք մը ըրաւ դէպի մեզի եւ սկսաւ պոռալ.

«Անդրանիկ փաշա, Անդրանիկ փաշա, ես Մերտինի զաւակն եմ, Հասանին ալ հայրը, ո՞ւր պիտի ազատիս իմ ձեռքէս»։

Գէորգը թարգմանեց խօսուած խօսքերը. ըսի Գէորգ պատասխանէ անոր Քրդերէնով, քանզի ես Քրդերէն չեմ գիտեր։ Գէորգը պատասխանեց. «Ես պզտիկ Գէորգն եմ եւ Հասանին մօրը սիրականը, դուն ո՞ւր պիտի ազատիս իմ ձեռքէս»։

Մարդը ձայնը կտրեց. Այն ատենն էր որ թուրք մը ձայն տուաւ եւ ըսաւ.«Գէորգ Չավուշ դո՞ւն ես»։

Այդ վայրկեանէն Գէորգին անունը մնաց Գէորգ Չաւուշ։ Գէորգ կարգ մը հայհոյանքներէ վերջ պոռաց. «Գացէք սոխ ու սխտոր ծախեցէք, դուք ուր կռուիլը ուր»։

Վանքը հինգ հատ գազանի պէս շուներ ունէր։ Թուրք զինուորները սպաննած էին չորսը եւ մէկ հատը վիրաւոր ինկած էր վանքի պատին տակ։ Այս շուներուն սպաննուիլը մասամբ օգտակար եղաւ մեզի, այն գիշերը որ մենք վանքը ձգէինք, կրնար ըլլար որ անոնց ձայները մատնէին մեզ, ձախողանքի մատնելով մեր ձեռնարկը։


ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ   ՅԱՋՈՐԴ ԷՋ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ