Ժամանակ չկար, պէտք էր այլեւս գործի սկսէինք կառավարութեան ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելով։ Քանի մը գիւղերու մէջ բնակող ծանօթ երիտասարդներուն ձայն կուտանք որ գան եւ մեզի միանան։ Կ'ուզենք որ մեր կազմակերպած եւ աչքի զարնող տղայքները, մօտաւորապէս երկու հարիւր հոգի, վանք բերենք իրենց չախմախլի եւ էվզէլի հրացաններով մէկտեղ։ Մեր նպատակն էր այս շարժումը յեղափոխական գոյնով չներկել սոսկ, այլ այդ շարժումին ժողովրդական գոյն տալ։
Մեր ունեցած կանոնաւոր զէնքերը միայն 87 հատ էին։ Այս զէնքերով էր որ պիտի կռուէինք թուրք արդիական բազմաթիւ հրացաններուն եւ թնդանօթներուն դէմ։ Ձեղին չարչարանքը եւ գործադրուած անարդարութիւնները մեր մէջ վրէժը լեռնացուցած էին այլեւս արիւնը արիւնով ներկելու եւ արցունքը արցունքով ծածկելու համար։ Երբ կը պատրաստուէինք վանք գալ, յանկարծ Մուշի դաշտի Ջրիկ գիւղացի Համբարձում անունով զինուորը հիւանդացաւ։ Օձէ՞ն թէ կարիճէն խայթուած էր, չենք գիտեր։ Մէկ երկու օրուան մէջ ոտքին միսերը ամբողջովին թափան, այնպէս որ ոտքին ջիղերը եւ երակները կ'երեւէին։ Մեր ունեցած բոլոր բժշկական միջոցները գործադրեցինք բայց ի զուր։ Յայտնի էր որ մահը այլեւս մէկ քանի օրերու հարց էր։ Չէինք կրնար սպասել եւ ձգձգել մեր նպատակը։ Պէտք էր ժամ առաջ վանք երթալ եւ կարգադրել ամէն բան պաշարուելէ եւ Թուրք կառավարութեան կասկած ներշնչելէ առաջ։ Համբարձումը Յարութիւնին եւ անոր չորս ընկերներուն խնամքին յանձնելէ վերջ համբուրեցինք զինք եւ մենք դէպի վանք ուղղուեցանք։ Պատուիրեցի Յարութիւնին թէ՝ երբ վանք գալու ըլլաս, հետդ պէտք է բերես փամփուշտ լեցնելիք բոլոր գործիքները, վառօդը 20,000 գնդակներ, 20,000 քափսօլներ, Անգլիական վառօդներ եւ չախմախլի հրացանին վառօդները։ Խոստացայ Յարութիւնին օրը օրին տեղեկագրել իրեն բոլոր անցուդարձերը վանք հասնելէս վերջ։
Հոկտեմբերի վերջերը եւ Նոյեմբերի սկիզբները երեսուն ընկերներով Առաքելոց Վանքը հասանք։ Մեզի ընկերացան եւ մեր ձայնին պատասխանեցին միմիայն Ցրոնք գիւղէն 8-10 տղաքներ, միւսները չկրցան միանալ, որովհետեւ վանքը պաշարուած էր թուրք զինուորներէն։
Տենդոտ ու սովորականէն շատ տարբեր գործունէութիւն մը կար մեր մէջ։ Վանահայր Յովհ. Վարդապետ իրազեկ չէր մեր նպատակին, բայց հակառակ մեր կծու եւ ծանր վարմունքին՝ ան հիւրասիրեց մեզ սովորականին պէս իր կարելին ընելով։ Ծանր պահանջներով եւ սրտնեղած սրտով Մուշ կը ղրկէի զայն որ երթար ու հոն մնար, քանզի չէի ուզեր որ վանահայրը ոեւէ պատասխանատուութիւն ունենար Թուրք կառավարութեան առջեւ։
Յարութիւնը Կէլիկուզանէն վանք բերելու համար մարդ ղրկեցինք, քանզի եթէ ան մէկ երկու օր ալ ուշանար մենք մի գուցէ կը պաշարուէինք եւ ինք իր ընկերներով դուրսը մնար։ Այն մարդիկը որոնք Յարութիւնին ետեւ ղրկեցի ցոյց տուի անոնց այն Ճամբան որ ապահով էր եւ զերծ պիտի մնային եթէ այդ ճամբայով երթային, ձեան հիւսերէն եւ փուքէն ու քամիէն։Կէս ժամ ուշ հասնելու մարմաջէ տարուած իմ պատուէրիս հակառակ լեռնային ճամբայէն անցնիլ փորձած են, ձեան հիւս մը եկած եւ անցած է անոնց վրայէն առանց վնասելու իրենց։ Անոնք այլայլած ու վախցած վերադարձան ու պատմեցին դէպքը, իրենց երկու հրացաններն ալ հոն ձեան հիւսին տակ թողելով։ Իսկոյն 150 մարդ գիւղերէն հանեցի հրացանները փնտռելու։ Երկար փնտռտուքէ վերջ չկրցան գտնել, մինչեւ որ գարնան արեւը ձիւնը հալեցուց եւ Սասոնցիք գտնելով հրացանները բերին եւ ինծի յանձնեցին։
Այդ օր Յարութիւնէն նամակ մը եկաւ, ան կը գրէր թէ Համբարձումը մեռաւ, թաղեցինք զայն, բայց Սպահանաց Մակարին տղան մեր զինուորներէն մէկուն հրացանը գողցած է, կ'ուզեմ հրացանը գտնել եւ յետոյ գալ։
Առանց ժամանակ կորսնցնելու հետեւեալ նամակը գրեցինք եւ ղրկեցինք։
Սիրելի Յարութիւն.
Անմիջապէս ճամբայ ինկիր, հաւանական է որ պաշարուինք։ Աճապարէ որ վանք հասնիս դեռ չպաշարուած։ Վաղուընէ սկսեալ վանքէն ժամ մը հեռուն Ծիրին կատարին քով գտնուած աղբիւրին մօտ երկու զինուորներ պիտի մնան ամէն գիշեր մինչեւ քու գալդ։ Եթէ տեսնես թէ այդ աղբիւրին քով զինուորներ չկան ըսել է թէ չեմ կրցեր ղրկել եւ մենք պաշարուած ենք։ Մեր ծածկագիրը (փարօլան) քեզի ծանօթ է։ Պէտք է իջնես Խորոտ Խանընով Արապպօի Արծիւի Քարերը, փարօլան պոռալով կրակ բանաս թշնամիին վրայ։ Վանքին փոքր դրան առջեւ ձեզի համար շատ գեղեցիկ դիրքեր շինած ենք, մենք ներսէն դուք ալ դրսէն զարնելով թշնամիին կը յուսանք թէ ապահով ներս կ'առնենք ձեզ։ Հակառակ պարագային եթէ չկարողանանք ձեզ ներս առնել, ետ կը դառնաք դէպի Սասուն լոյսը չբացուած, իսկ եթէ մենք վանքի պատերուն տակ իյնանք դուք մեր գործը շարունակեցէք։ Բոլոր ընկերներդ կը համբուրեն ձեզ։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ