ՎԱՆՔԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ

Քսան օրուան մեր կռիւը արդէն արձագանգած էր Վանի, Պիթլիսի, Կարնոյ, Խարբէրդի եւ Տիգրանակերտի նահանգներուն մէջ։ Քիւրտ, Թուրք եւ Հայ ժողովուրդներ այն համոզումը ունէին թէ մեզի համար ազատութիւն չկայ երբեք։ Հայերը ամէն օր հսկումներ եւ աղօթքներ կը կատարեն եղեր մեր ազատութեան համար վանքին մատաղներ խոստանալով։

Երբ մենք մեր պայմանները ներկայացուցինք թուրք ներկայացուցիչներուն, այդ վայրկեանէն իսկ գիտէինք թէ մեր առաջարկներն ու պայմանները անընդունելի էին։ Երկու կողմէն ալ խաղ մըն էր որ կը խաղցուէր ժամանակ շահելու։ Հակառակ մեր զինադադարի խօսքերուն Նոյ. 24ի օրը թուրք դիրքերէն հրացաններ արձակուեցան։ Մենք սովորականին պէս պատրաստ ու կազմ էինք մեր դիրքերուն մէջ. ուստի պատասխանեցինք անոնց բուռն կրակով։ Կարճ հրացանաձգութենէ վերջ օրը անցաւ խաղաղ եւ հանդարտ։

Այդ գիշեր դարձեալ ցուրտ էր։ Մէգը մշուշին հետ ծանր ու խիստ կը տարածուէր եւ կ'երկարէր մեր շուրջ անտանելի դարձնելով եւ սառեցնելով ամէն բան։ Թուրք զինուորները որոնք մեզմէ շատ հեռու չէին, մենք կը լսէինք անոնց խօսակցութիւնները եւ տրտունջները որ կ'ելլէր կ'երկարէր իրենց դիրքերէն եւ կուգար քամիին հետ մեզի։ «Մահմուտ, Հասան, Մուսթաֆա, այս ի՜նչ ցուրտ է, այս ի՜նչ մահեր են որ կը պատահին ամէն օր, սա «ճան ֆէտայիներն» ալ չեն անցնիր եւ երթար որ մենք ալ ազատինք իրենք ալ»։

Ցուրտը, մէգը, եւ ձիւնը նոր եւ անհասկնալի հիւանդութիւն մը բերած էին թուրք զինուորին։ Հիւանդութիւն մը որ ենթական կը խելագարցնէր եւ կը մեռցնէր։ Այս հիւանդութիւնը այնքան մեծցաւ եւ տարածուեցաւ 6000 թուրք զինուորներուն մէջ որ կառավարութիւնը Երիզայի 4րդ զօրաբանակէն եւ Կ. Պոլսէն նոր բժիշկներ բերել տուաւ դարման մը եւ ճար մը գտնելու համար։

Քսան օրուան մեր դիմադրութեան ընթացքին մենք ալ մեր հիւանդները ունեցանք։ 60-70 որբերուն մէջ հիւանդութիւն մը սկսաւ։ Տասը որբեր փորհարութեան ցաւով կը տառապէին, երկու զինուորներս հիւանդ էին, ուտելիքը քանի մը օրերու հազիւ կը բաւէր։ Ռազմանիւթ, օճառ, ծխախոտ հատնելու մօտ էին եւ չկային։ Կը վախնայի թէ նոր զինուորներ ալ հիւանդանան կամ փորհարութեան հիւանդութենէն վարակուին։ Ուստի պէտք էր ճար մը, կերպ մը, ճամբայ մը մտածել դուրս գալու վանքէն։ Քսան օրուան դիմադրութիւնը եթէ զգաստութեան բերած չէր Թուրք կառավարութիւնը՝ Թուրք եւ Քիւրտ ժողովուրդներուն հետ, գէթ չափով մը օգտակար եղած էր Հայ ժողովուրդին համար։ Եթէ քսան օրուան այս անհաւասար դիմադրութիւնը օտար դեսպաններուն ուշադրութիւնը գրաւած չէր, գէթ մտահոգութիւն պատճառած էր Թուրք կառավարութեան նոր պատասխանատուութիւններէ զգուշանալու համար։

Գաղտնի կերպով կը լրտեսէի հասկնալու համար զինուորներուս բարոյական կորովն ու քաջութիւնը։ Կը ջանայի կարելի եղած չափով հանգիստ պահել եւ երկար քնացնել։ Չորս խումբերու բաժնուած էինք դիրքերը հսկելու եւ մեր պարտականութիւնները կատարելու։ Երեք ժամ Գէորգ Չաւուշը կը հսկէր, երեք ժամ Վաղարշակը, երեք ժամ Հաճի Յակոբը եւ երեք ժամ ալ ես։


ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ   ՅԱՋՈՐԴ ԷՋ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ