ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԻ ԿՌԻՒԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ
ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Մենք մեր զինուորները իրենց առաջին անունով կը կանչէինք։ Երբեք չէինք հետաքրքրուէր անոնց երկրորդ անունով կամ ո՞ր գիւղէն կամ քաղաքէն եկած ըլլալնին։ Չէինք ուզեր գիտնալ այն նպատակաւ թէ, կրնար պատահիլ որ մեզմէ մէկը կամ միւսը թուրքերուն ձեռքը իյնար եւ ծեծի ու չարչարանքի տակ ակամայ մատնութիւններ ըներ։ Մենք ստիպուած էինք այդպէս ընել, երբ նոյն ատեն նկատի ունէինք թէ միշտ նորեկ զինուորներ կուգային ու կ'երթային, կամ քիչ ատեն մեր մօտ կը մնային ու կը հեռանային դարձեալ։

Անդրանիկ
Ուրուխցի Յարութիւն
Գէորգ Չաւուշ
Վաղարշակ
Հաճի Յակոբ
Ղազար
Սէյտօ Պօղոս
Անտրիկ
Միսաք
Վարդան
Ասատուր
Սիմոն
Թէրփէթօս Սարգիս
Չէթօ
Եղօ
Բարսեղ
Օսօի տղան Յովսէփ
Չաթալպաշ Արամ
Խասգէղցի Մկրօն
Մօսօն
Իսօն
Հաւատորիկցի Մուրատ

Նոյ. 26ի խստաշունչ եւ սառեցնող առաւօտն էր։ Մէգը երբեմն կը քշուէր ու կը տարածուէր դէպի դաշտ եւ երբեմն ալ խայթող ցուրտին հետ կուգար եւ կը փաթթուէր մեր շուրջ ամէն բան ծածկելով մեր աչքերէն։

Վանքին մէջ որբերն ու Միաբանութիւնը սովորականին պէս այդ օր ալ իրենց աղօթքներն ու մաղթանքները կը բարձրացնէին առ Աստուած լեցնելով մեր սրտերը կրօնի եւ հաւատքի անուշ զգացումներով, երբ դուրսը քանի մը քայլ հեռուն ձիւնի կոյտերուն եւ հողի դէզերուն ետեւ բիրտ ձեռքեր եւ վայրի սրտեր իրենց գլուխները պահած նե՜րս, նե՜րս, վանքի դռնէն նե՜րս կ'ուզէին խուժել եւ արիւնով եւ աւերով ծածկել ամէն նուիրականութիւն որոնք անեղծ ու մաքուր մնացած էին այդ չորս պատերէն ներս։

Կը մտածէի շարունակ երբ աչքիս առջեւ էին հիւանդ որբերը, հիւանդ զինուորները եւ այն անտանելի կացութիւնը որուն պիտի մատնուէինք ռազմանիւթի պակասին պատճառաւ։ Կերպ մը, հնարք մը պէտք էր յղանալ պատուաւոր կերպով դուրս գալու։ Երկար մտածումէ վերջ, վճռական որոշում մը տալով քովս կանչեցի Գէորգը, Վաղարշակը եւ Հաճի Յակոբը։ Մեր ներկայ կացութիւնը եւ վաղուան բոլոր դժուարութիւնները բացատրելէ վերջ ըսի որ պէտք է այլեւս դուրս գանք վանքէն։ Թուրքեր կեղծ թուղթ մը ձեռքերնին պիտի գան մեզ խաբելու յոյսով, ուստի պէտք է գիշերով կտրել թուրք զինուորական շղթան եւ անցնիլ։ Միգուցէ Թուրք կառավարութիւնը միամիտ լինի հաւատալու իմ խօսքերուս թէ մենք հոս պիտի մնանք 6 ամիս մինչեւ որ մեր պահանջները կատարուին։

«Ի՞նչ է քու կարծիքդ, ըսին, մենք ապահով եւ անվնաս դուրս պիտի կրնա՞նք գալ»։

«Հարիւրին 99ը մենք բոլորս ալ ապահով դուրս պիտի գանք եւ ոեւէ մէկին քիթը պիտի չարիւնի, եթէ մեր անփորձ զինուորները հետեւին մեզի եւ սխալներ չգործեն։ Դիրքերուն մէջ մէկ մէկ փորձառու զինուորներ դրէք եւ կանչեցէք բոլոր զինուորները վանքին հրապարակը որ ես դասաւորեմ զանոնք ձեր խմբապետութեան տակ եւ ըսեմ իմ ըսելիքներս»։

Քանի մը վայրկեանէն կատարուեցաւ իմ թելադրանքներս, զինուորները հրապարակ իջան եւ շարքի կեցան։ Բոլոր զինուորներուն պատուիրեցի որ զգաստ եւ արթուն ըլլան եւ ըմբռնեն ըսելիքներս։

Առաջին - Գէորգ Ձաւուշ, Սէյտօ Պօղոս, Վարդան, Յովսէփ եւ ես 50-60 քայլ առաջ ձեր առջեւ ինկած պիտի քալենք դէպի թրքական դիրքերը ճերմակ շապիկներ հագած եւ ճերմակներ մեր գլուխը փաթթած, որպէսզի ձիւնին մէջէն չտեսնուինք, իսկ Հաճի Յակոբ եւ Բարսեղ դուք պէտք է հետեւիք մեզի զոյգ-զոյգ շարուած խումբին առջեւէն։ Ամէն մարդ պէտք է իր քովի ընկերը լաւ ճանչնայ, ինչպէս նաեւ իր առջեւէն քալող զոյգը։ Խումբին յետնապահները պիտի ըլլան Վաղարշակ եւ Թէլփէթօս Սարգիս։ Մենք հինգ հոգիներս երբ վաթսուն քայլի վրայ յառաջանանք եւ ծունկ զարնենք, պէտք է որ մեզի հետեւող խումբն ալ ծունկ զարնէ մեր օրինակին հետեւելով։

Մեր բռնած ուղղութիւնը պիտի ըլլայ Արապպօի եւ Արծիւի քարերը, անկէ իջնել ձորը եւ անցնիլ Մրզու գոմը, որը դիմացի լերան սարալանջին վրայ է։ Մեր բոլոր հին զինուորները գիտէին այդ գոմը, ուստի նորեկներուն ալ ցոյց տուին զայն։ Եթէ փորձի ատեն ոեւէ իրարանցում եւ կռիւներ պատահին եւ խումբը մասերու բաժնուի, ամէն մէկ խումբ կամ մաս պէտք է գոմին առջեւ ձիւնին վրայ ձեռնափայտ մը խրէ իբր նշան իրենց անկէ անցած ըլլալուն։ Քամին սաստիկ է եւ կրնայ ըլլալ որ գոցէ ձեր հետքը, ուստի այդ ձեռնափայտերը միմիայն վստահելի նշաններն են մէզի համար։

Վաղը Նոյ. 27ի իրիկունը ժամը 3.15, ը. թ. գիշեր ատեն այստեղէն դուրս պիտի գանք։ Մենք հինգ հոգիներս որ խումբին առջեւէն պիտի քալենք ճերմակներ փաթթած եւ շապիկներ հագած, պիտի զարնենք մեզի հանդիպող թշնամին, իսկ դուն Հաճի, քու խումբովդ պիտի անցնիս Արապպօի եւ Արծիւի քարերը եւ թշնամին իր կռնակէն պիտի զարնես։ Եթէ ձեր հրացաններուն ձայնը ելլէ մենք ձեզի օգնութեան կուգանք։

Այս բոլոր պատուէրները տալէ վերջ, խումբը վարժեցնելու համար բակին մէջ փորձեր կատարեցի, տեսնելու թէ ըմբռնա՞ծ են ընելիքնին։ Կը քալեմ, ծունկ կը զարնեմ, ետիս կը նայիմ տեսնելու թէ բոլոր թելադրութիւններս կը կատարե՞ն իրենց խմբապետներուն հսկողութեան տակ։ «Տղայք, հասկցա՞ք ձեր կատարելիք պարտականութիւնը»։ «Այո՛, փաշա, հասկցած եւ պատրաստ ենք»։ «Հոս կանչեցէք ուսուցիչները եւ որբերը»։

Երբ ուսուցիչներ եկան, անոնց պատմեցի մեր նպատակ եւ ըսի թէ ձեւականութեան համար պիտի ծեծեմ ձեզ որբերուն առջեւ եւ պիտի բանտարկեմ, որպէսզի ձեզ ազատեմ ոեւէ պատասխանատուութենէ իմ վանքէն դուրս ելլելէս վերջ, առանց ոեւէ պատճառանքներ տալու կառավարութեան՝ ըսելու ձեզ թէ. «Դուք թէ որ բարեկամ էիք կառավարութեան, ինչո՞ւ զանգակը չքաշեցիք եւ ձայն չտուիք մեզի ֆէտայիներու գնալը»։ Ձեր վրայ դուռը պիտի կղպեմ եւ բանալիներուն տեղը միայն 80 տարեկան տնտես մայրիկին պիտի ըսեմ։

Նոյ. 27ի օրուան կէսօրն էր։ Նոյն փորձերը դարձեալ կը կրկնեմ։ Տեսայ թէ խումբը ըսածներս կատարեալ կերպով ըմբռնած է եւ գիտէ իր ընելիքները, ուստի յանձնարարեցի որ խումբը երկու օրուան հաց դնէ իր տոպրակներուն մէջ եւ պատրաստ ըլլայ մեկնելու ճիշտ ժամանակին։

Իրիկուն էր։ Խիտ մշուշը ալ աւելի թանձրացաւ։ Մշուշին մէջէն աղօտ շատ աղօտ կերպով կը պլպլան կրակի լոյսեր։ Թուրք զինուորնԵր իրենց պատնէշներուն ետեւ կրակներ վառած մեզ կը հսկէին՝ գետնափոր տունին մէջ սեղմուած։ Պէտք էր զգոյշ ըլլալ, պէտք էր զգաստ եւ արթուն ըլլալ մեր ծրագիրը յաջողութեամբ յառաջ տանելու եւ թշնամին ամօթի, զարմացումի եւ անակնկալի մատնելու համար։ Պէտք էր հայ հանճարը, հայ միտքը, իր ճարտար մտայնութեամբ եւ հզօր սրտով ծիծաղէր եւ արհամարհէր յանդգնօրէն Թուրք կառավարութիւնը, իր պաշտօնեաները եւ զինուորը, վերջը ուժեղ հարուած մըն ալ տալով։ Պէտք էր մեր յաղթանակով ցեխէ ցեխ թաղուէր թուրք գահը եւ թուրք զինուորականը աշխարհի առջեւ ծաղր ու ծանակ ըլլար։ Պէտք էր ափ մը ճան ֆէտայիներու կորովը եւ յանդուգն սիրտը կտրէր անցնէր վեց հազար թուրք կանոնաւոր զինուորներու շղթան, յոյս, հաւատք եւ կորով ներշնչելու հայ սրտերուն, որոնք տառապած էին, անիրաւուած եւ զրկուած էին։

Ժամը կէսն էր։ Թէ նախազգուշութեան եւ թէ խումբը յանկարծակիի չբերելու համար, երեք հոգինոց երեք խումբեր ղրկեցի եռանկիւն ձեւով մը՝ երեք կէտերու վրայ դիրքեր բռնելու։ Երեք հոգի գոմին անկիւնը պէտք էր դիրք բռնէին, երեք հոգին Թադէոս Առաքեալի Աղբիւրը, երեք հոգի ալ երեք վիթխարի ծառերուն ետեւ։ Եթէ մինչեւ ժամը երեքը թուրք զինուորներ հանդիպին «զարկէք, հրացանները առէք եւ ներս եկէք»։ Այն վայրկեանին որ ձեզ ձեր դիրքերուն կը ղրկեմ 12 զինուորներ վանքի դրան առջեւ զինուած կը պահեմ դուռը բաց ձգած, վտանգի մը պահուն հոն դիմեցէք, անոնք թէ ձեզ կը պաշտպանէն եւ թէ ձեզ ներս կ'առնեն։ Եթէ ոեւէ դէպք չպատահի, ժամը ճիշտ 3.15 անցած խումբը ճամբայ պիտի ելլէ, դուք ալ ձեր դիրքը թողուցած՝ իսկոյն կուգաք եւ կը միանաք ձեր շարքին՝ նախապէս որոշուած ձեր տեղերուն մէջ։

Ժամացոյցները կը շտկեմ եւ ճամբայ կը հանեմ իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար։ Ահա եկաւ վերջապէս բաժանումի ժամը։ Բանտարկուած էին որբերն ու ուսուցիչները։ Բանալիները ձգուած են ցեխերուն եւ ձիւնին մէջ։ Ութսուն տարեկան ծերուկ տնտես մայրիկը հետս էր. «Մայրիկ ահա բանալին հոս ցեխերուն մէջ կը ձգեմ։ Երբ մենք դուրս ելլենք դուռը կը փակես եւ երկաթը կ'անցնես։ Վանքին դուռը չես բանար մինչեւ որ Ֆէրիք փաշան, վանահայրը եւ Առաջնորդը չգան։ Եթէ թուրք զինուորներ սպառնան մի՛ վախնար։ Եթէ սանդուխներ դնեն ու պարիսպէն ներս գան դարձեալ դուռը մի բանար որ թուրք զինուորները վանքը չկողոպտեն»։

«Մեռնիմ քեզի, ինչ որ կ'ըսես անանկ կ'ընեմ, Աստուած եւ Քրիստոս քեզի հետ ըլլայ»։

«Գէո՛րգ, Սէյտօ Պօղո՛ս, Վարդա՛ն, Յովսէ՛փ, հագէ՛ք ձեր ճերմակ շապիկները եւ փաթթեցէ՛ք ձեր գլուխները»։

Այն զինուորները որոնք նորեկ էին, հրաման ըրի որ, պարպեն իրենց հրացանները, ըլլան անոնք էվգէլի կամ չախմախլի։ Այդպէս պէտք էր ընել այդ տասնեւհինգ անվարժ զինուորներուն, որովհետեւ անոնք անփորձ էին եւ կրնային վտանգել մեզ կրակ բանալով։

«Գէորգ խուզարկէ անոնց հրացանները»։

Գէորգ մէկիկ մէկիկ նայեցաւ հրացանները։

Ամէնքն ալ կազմ եւ պատրաստ են, տոպրակնին շալկած, հրամանի կ'սպասեն շարժելու։

«Տղե՛րք, հետեւեցէք ինծի որ Յարութիւնին եւ Ղազարին գերեզմանները համբուրենք եւ մեր վերջին յարգանքը տանք անոնց»։ Կարգով անոնց գերեզմաններուն քարերը եւ վանքին ապանոսեայ դուռը համբուրեցինք կարճ, շա՜տ կարճ աղօթք մը մրթմրթալով։ Հաւատքի եւ յոյսի աղօթքներ էին որ կը մատուցանէինք հոն, երկու սիրելի կտրիճներու գերեզմաններուն վրայ եւ խունկով ու աղօթքով սրբացած վանքի հին, շա՜տ հին դրան առջեւ։

Ժամը 3.15 անցած էր արդէն, երբ ծերուկ տնտես մայրիկը ճամբու կը դնէր գիշերուան մութ ու մռայլ այդ պահուն։

Այլեւս վանքին նուիրական դռնէն դուրս էինք։ Քսան օր այդ հոյակապ եւ պատկառելի հաստատութիւնը մեզի օթեւան եւ պատնէշ եղած էր կռուելու Ազատութեան եւ Արդարութեան համար, ու հիմա կը մեկնէինք այլեւս այդ օրհնուած ու անեղծ մնացած սրբավայրէն դէպի վտանգներով լեցուն անորոշ կայանները...։

Հինգ ճերմակ շապիկներ հագնող զինուորներս առաջ ինկանք մեզի հետ առնելով վանքին դրան առջեւ սպասող տասներկու զինուորները։ Վանքին դուռը հանդարտօրէն փակուեցաւ աղօթքի եւ մաղթանքի թափթփուն բառերու հետ։ Քալեցինք մէկ քանի քայլ եւ ահա մեզի միացան երեք դիրքերու վրայ հսկող տղայքներն ալ եւ մտան իրենց որոշուած շարքերուն մէջ։ «Ի՞նչ տեսաք տղերք ձեր շուրջը, ոեւէ մարդ կամ շարժո՞ւմ»։ Նորեկ զինուորներէն մէկը ըսաւ. «Փաշա կարծեմ հոն մարդ կար»։

«Սէյտօ Պօղոս, ոեւէ մարդ տեսա՞ր»։

«Չէ՛ փաշա, քամիին վզվզոցն էր»։

Հինգ ճերմակ շապիկներ հագնողներս 50-60 քայլ առաջ ինկած կը քալէինք լարուած ուշադրութեամբ եւ խուզարկու նայուածքներով։ Երբ 50 քայլ յառաջ գացած էինք, իսկոյն ծունկ զարկինք քննելու եւ տեսնելու մեր շուրջ գտնուածները։ Ետեւս նայեցայ եւ տեսնելու թէ խումբը ծունկ զարկա՞ծ է։ Տեսայ թէ կարգապահութիւնը կատարեալ էր։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացանք, նորէն ծունկ զարկինք, աջ ու ձախ եւ կեդրոնը խուզարկելու համար։ Ոեւէ շարժում կամ շշուկ չկար, քամին միայն կը սուլէր ծառերուն մէջէն եւ ձիւնը կը պտոյտքէր անընդհատ։ Թուրք զինուորներուն վառած կրակները տակաւին կը պլպլային։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացանք։ Քամին կատաղի գազաններու նման կ'որոտա՜ր, կը գոռա՜ր ու կ'անցնէ՜ր մեր քովէն, մեր երեսին, մեր հագուստներուն զարնուելով եւ ձիւնով շեխելով մեր դէմքերը։ Երեսուն քայլ դարձեալ յառաջացած էինք եւ փոքր դարի մը վրայ ելած արդէն թուրք յառաջապահ զինուորին հետ դէմ ղիմաց էինք։ Դարը քարքարոտ էր եւ դէպի այն ձորը կը տանէր որ մենք նախապէս որոշած էինք անցնիլ անկէ գոմը հասնելու եւ ձեռնափայտեր խրելու իբր նշան խումբին ապահով անցնելուն համար։

Ձայն մը, դողդոջուն ու կցկտուր ձայն մը յանկարծ կոչեց.

«Դուք ո՞վ Էք»։

Մեր եւ թուրք զինուորին մէջտեղ հազիւ հինգ կամ վեց քայլ կար։ Չորս ընկերներուս հետ մեր հրացանները ուղղելով անոր կուրծքին.

«Չճանչցա՞ր զիս, ես հարիւրապետ Մահմէտ էֆէնտին եմ, կէս ժամ է որ հոս կը խուզարկեմ եւ դուք կը քնանաք, այսպէ՞ս պիտի պահէք եւ հսկէք ճան ֆէտայիները, արգիլելու անոնց փախուստը»։ Խօսքերս դէպի Գէորգ Չաւուշին ուղղելով ըսի. «Մահմէտ Չաւուշ այս մարդը կը քնանար, այնպէս չէ՞»։

«Այո, էֆէնտի կը քնանար», ըսաւ Գէորգը։

Մեր ետեւէն եկող խումբին յառաջապահները կը լսէին մեր խօսակցութիւնները։ Ձեռքով նշան ըրի տղայոց որ գան եւ ետեւի դիրքերը բռնեն։ Քիչ մը վարանեցան անոնք եւ ուշացան դիրքերուն ետեւ անցնիլ, ուստի օգտուելով առիթէն հարցուցի թուրք զինուորին թէ «անունդ ի՞նչ է»։

«Հասան», պատասխանեց դողդոջ ու վարանոտ ձայնով։ «Ո՞ւր տեղացի ես եւ որո՞ւ որդին ես, ըսէ ինծի, ես քեզի ցոյց կուտամ առտուն այս անտարբերութեանդ պատիժը»։

Դողդոջ ձայնով մը ըսաւ. «Աստուած, Աստուած, չեմ գիտեր դուք ի՞նչ տեսակ մարդիկներ էք»։

«Կտրէ ձայնդ թէ ոչ շան պէս պիտի սատկիս», ըսի եւ հրացանս ուղղեցի կուրծքին։

Խումբը այս ատեն իմ երկրորդ նշանիս վրայ եկաւ ու անցաւ մեր քովէն։ Անոնք փոխանակ Արապպօի եւ Արծիւի քարերէն անցնելու, ձիւնին վրայ նստած թեքուեցան դէպի ձորը ու ա՛լ չերեւցան։ Ինծի հետ մնացած տղայքները իսկոյն քարերուն ետեւ անցան եւ հասան Արապպօի եւ Արծիւի քարերը։ Այս ատեն տեսայ թէ միմիայն ութը տղայ հետեւած էին ինծի եւ միւսները դէպի ձորն ի վար իջած եւ անհետացած էին շուտ հասնելու գոմը եւ զերծ ըլլալու թրքական կրակէն ու հետապնդումներէն։ Երբ արդէն քարերը հասած էինք թուրք զինուորը սկսաւ պոռալ.

«Ճան ֆետայիները փախան, ֆէտայիները փախա՜ն»։ Թրքական բոլոր դիրքերէն սոսկալի հրացանաձգութիւն մը սկսաւ, անվերջ եւ անհատնում հրացանաձգութիւն մը։ 6000 հրացաններ կը սուլէին օդին մէջէն եւ ձիւնին ու փուքին հետ խառնուած կ'իջնէին, կուգային, կ'անցնէին մեր քովէն, մեր գլուխներուն վրայէն, բայց մենք լուռ ու անձայն մէգին ու մշուշին մէջէն, փուքին ու ձիւնին դէմ կռուելով դէ՜պի գոմ, դէ՜պի լերան սարալանջը կը դիմէինք մեզմէ առաջ ձորը իջնող տղայոց հասնելու եւ զիրար ողջագուրելու գոմին առջեւ։

Երբ քիչ մը յառաջացած էինք, թրքական ծանր կրակներէն ազդուած ինծի ընկերացող տղայքները ըսին. «Փաշա հոս քարերուն ետեւ կենանք եւ դիրք բռնենք»։

«Չէ՛ տղերք, մի՛ զարնէք, անոնք մեր հետքերը կորսնցուցին եւ մեր հրացաններուն կրակները պատճառ պիտի ըլլան մեզ մատնելու եւ մեր ուղղութիւնը մատնանշելու»։

Երբ քիչ մըն ալ յառաջ գացած էինք ըսի. «Տղա՛յք, հանեցէք ձեր թաշկինակները եւ մաքրեցէք ձեր հրացանները»։ Քամին եւ ձիւնը այնքան ահաւոր ու ծանր էին որ ծածկեր էին կոլն ու գոմը։ Երկար, շատ երկար փնտռեցինք, բայց չգտանք։ Երբ գոմը փնտռելու ջանքին մէջ էինք, մէկը նշմարելի եղաւ մութին մէջ, բռնեցինք զայն եւ տեսանք թէ Ցրոնք գիւղի մեր անվարժ տղայքներէն է։ Չէր կրնար խօսիլ։ Ցուրտն ու վախը բռնած էին իր լեզուն։ Հազիւ կրցաւ մէկ երկու բառ խօսիլ։

«Մկրօ՜ն... Մկրօ՜ն զարնուեցաւ... Գէորգ Չաւուշ անոր ոտքէն քաշեց դէպի ձորը, ես բաժնուեցայ եւ հոս եկայ»։

Կասկածներու տակ ընկճուած քալեցինք։ Մկրօն սպաննուած էր, տղայքները չէին երեւեր, այս տղան միայն եկած հոս հասած էր։ Ի՞նչ եղած էին միւսները, ո՞ւր մնացին անոնք, ինչո՞ւ համար գոմը չէին, երբ անոնք մեզմէ շա՜տ առաջ ձորը իջած էին զերծ մնալով թրքական կրակէն։ Այս մտածումները միտքս կը չարչրկէին, ուստի պէտք էր տեղ մը հասնիլ եւ լուր մը ստանալ եւ օգնութեան փութալ անոնց։

Ծիրինկատար, Ճիտօ Քարոց, Կորէկի Աղբիւր Կուռթիկով Սասուն երթալը անկարելի էր, քանզի սաստիկ քամի էր եւ ձիւնը ահաւոր։ Հովը այնքան ուժեղ էր, որ հակառակ մեր կամքին կը քշէ՜ր, կը տանէ՜ր մեզ յարդի մը պէս։ Եթէ փորձէինք այդ ճամբայէն անցնիլ, անպայման եւ անկասկած ամէնքս ալ կամ խեղդամահ պիտի ըլլայինք եւ կամ ձեան հիւսերու տակ պիտի թաղուէինք, ուստի երկու ժամուան ճամբան վեց ժամէն կտրելով լուսաբացին նշմարեցինք Հաւատորիկ գիւղին գոմերը։ Երբ գոմը հասանք, գոմին տէրը դուռը բացաւ եւ մեզ ներս առաւ, օճախը վառեց եւ մենք կրակին առջեւ մեր թաց հագուստները չորցուցինք։ Զինուորներէն մէկին հրացանին կոթը կոտրած էր, իսկոյն զայն շինեցի եւ քիչ մը գարի հաց ուտելէ վերջ երկու տղայքներ գոմերէն մեզի հետ առնելով ճամբայ ինկանք դէպի Շէյխնիստ։ Այս գոմին տէրը կարելի եղած չափով հիւրասիրեց մեզ։ Այս մարդը քառասուն տարի էր որ հովիւ էր եղած եւ մեզ տեսած չէր։ Հարցուցի անոր թէ՝ «Ի՞նչ գաղափար ունէր վանքին մէջ փակուած ճիժերուն մասին»։ Ան ըսաւ թէ. «Աստուած հասնի վանքի ճիժերուն, չեմ գիտեր ի՞նչ խելքի կը ծառայեն։ Կ'ըսեն թէ Ռուսաստանէն օգնութեան պիտի գան անոնց։ Մեր գիւղէն 200 գերաններ տարին եւ ամէն օր 50-60 Հայեր բռնի կը տանէին եւ աշխատցնել կուտային գետնափոր տուներ շինելու վանքը պաշարող զինուորներուն համար»։

Երբ մնաս բարով ըսինք ու միացանք հարեւան գիւղէն եկող երկու տղայքներուն՝ ըսաւ. «Կ'երեւի դուք էիք վանքէն ազատուող ճիժերը, Աստուած եւ Քրիստոս ձեր հետ ըլլայ, բարի երթաք»։


ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ   ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ   ՅԱՋՈՐԴ ԷՋ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ