Երկու Խօսք



Գէորգ Չաւուշին նուիրուած այս գրքոյկը Ռ. Զարդարեանի գրչին կը պարտինք։ Գրքոյկը հրատարակուած Է 1907­ին, Ժընեւ։

Զարդարեան խոր ապրումներվ կը հետեւէր Դուրան­Բարձրաւանդակի հերոսական շարժումներուն եւ մեծ հիացմունք ունէր Գէորգի անօրինակ խիզախումներուն հանդէպ։

1907 Մայիս 27-ին տեղի ունեցաւ Սուլուխի ճակատագրական կռիւը։ Գէորգ կուրծքէն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ Մայիս 28-ին շիջեցաւ Սասունի այս հրաբուխը։

Ռ. Զարդարեան, ճիշդ ամիս մը յետոյ, 1907 Յունիս 27-ին, «Ռազմիկ»ի մէջ կը գրէր.

«Անխոցելի դիւցազն ալ մահ ունի եղեր։ Արցունքը կը խեղդէ մեզ. մահ մը չէ ասիկա, այլ ամբողջ աշխարհի մը արեւին խաւարումը, Սասնոյ ու Տարօնի երկրին զուլումը։ Հազիւ թէ վերջին քառորդ դարու մէջ հայ մայր մը իր կուրծքին վրայ դիեցուցած ըլլար կիսաստուած մը, այսքա՜ն անթերի դիմագիծով, յանդգնութեան, անձնուիրութեան, դիւցազնական անսպառ զօրութեան ա՜յսքան հրաշալի, ա՜յսքան աստուածամերձ ձիրքերով»։

Հայ ազատագրական շարժման ճակատագրական թուական մը եղաւ Մայիս 27-ի արիւնալի ճակատամարտը։ Գէորգի նահատակութիւնը զուգադիպեցաւ Մայիս 28-ին, որպէս մատաղ Հայոց ազատութեան եւ անկախութեան։

Տասնմէկ տարի ետք, 1918 Մայիս 28-ին, հայ կորովի բազուկը Սարտարապատի ճակատամարտը պիտի մղէր, Գէորգ Չաւուշի ճանապարհով. ու Մայիս 28-ը որպէս անկախութեան թուական, յաւիտենական դրօշազարդում մը պիտի մնար Սարերու Ասլանի աճիւնին։

1907 Մայիս 27-ի կռուին, դիտապաստ կ'իյնար ՔէօսԷ պինպաշին, թուրք զօրքերու ամենակարող հրամանատարը։ Անոր թաղումը կը կատարուէր զինուորական նուագախումբով։

Օր մը ետք, Գէորգ Չաւուշի մարմինը Մուշ կը բերէին, որպէսզի հաւատան թէ հայ դիւցազնը նահատակուած է։

Հերոսին թաղումը կատարուեցաւ հայ աշակերտներու եւ կղերականներու շքերթով, կառավարութեան կարգադրութեամբ։ Մշոյ ժողովուրդը տուները քաշուած էր, կոտորածի վախէն։ Ու ինչ որ զարմանալի է, կառավարական նուագախումբը հետեւեցաւ Գէորգի դագաղին, նուագեց Շոփէնի մահերգը, ինչ որ ըրած էին թուրք զօրավարին։

Գէորգը թաղուեցաւ Ծիրինկատարի ստորոտը, հայ գերեզմաննոցին մէջ։

Թուրքերը հանգստացան։ Փոթորկայոյզ Գէորգ՝ ոչ եւս էր իրենց համար։

Հայերը չհաւատացին որ Սարերու Ասլանը սպաննուած է։ Ու նեղ օրերուն միշտ կը սպասէին, որ անոր ձայնը Ծովասարէն պիտի լսեն։

Երբ Գէորգ Չաւուշի նահատակութեան լուրը կը հասնի Պուլկարիա, մեծ յուզումի կը մատնուի Անդրանիկ։ Հրաչ Զարդարեան վերջերս ինծի ուղղած երկտողի մը մէջ կը վկայէ.

«Անդրանիկ որ յօդացաւով կը տառապէր եւ անկողին կը մնար Գէորգ Չաւուշի մահուան լուրը առնելէն ետք դէմքը պատին դարձուց եւ երեք օր մարդու հետ չխօսեցաւ։ Հայրս ու մենք փոքրիկներս կը զգայինք անոր հոգեկան տառապանքը…»

Անդրանիկ բոլորէն աւելի լաւ կը ճանչնար Գէորգը եւ անոր անչափելի խիզախութիւնը։ Գէորգը հայ ազատագրական շարժման մարտական ուժի գերագոյն խորհրդանիշն էր։ Որքա՜ն մարտիկներ, Գէորգի հմայքէն ոգեւորուած՝ ֆետայի դարձան ու անմահ անուն մը թողին Հայոց յեղափոխութեան պատմութեան մէջ։

Անմահութեան փառապսակը ճակատին, Գէորգ միշտ ներկայ էր Տարօնի եւ Սասնոյ ժողովուրդի հոգիին մէջ։


Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ
28 Մայիսի 1967


Նախորդ Էջ   Բովանդակութիւն   Յաջորդ Էջ


Copyright: YEREVAN STATE UNIVERSITY - ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ