ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ



     Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը տեղի մը, վայրի մը կաթողիկոսութիւնը չէ եւ չէ ալ եղած։ Պարագաներու բերմամբ՝ քաղաքական իշխանութեան տեղափոխումով, երկրաշարժներու հետեւանք, անվտանքութեան համար, կաթողիկոսական աթոռը Էջմիածնէն մեկնելով քաղաքէ քաղաք շրջած է, սակայն եւ այնպէս գտնուած քաղաքին անունը չէ առած, նոյնիսկ Կիլիկիոյ Թագաւորութեան (1198-1375) շրջանին։

     Փառատենչ իշխաններու, թագաւորներու, առաջնորդներու անխոհեմ արարքներուն հետեւանք Եկեղեցին ունեցած է հակաթոռներ եւ մէկէ աւելի կաթողիկոսութիւններ։

     Երբ Գրիգոր Բ. Վկայասէր կաթողիկոս (1066-1105) Կիլիկիոյ հայ իշխաններուն մօտ իր մահկանացուն կը կնքէ ու իր աթոռակից Բարսեղ Ա. Անեցի ալ՝ 1113-ին, քսան տարու Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոս կ՚ընտրուի։ Վասպուրականի Արծրունեաց Թագաւորութեան (908-1021) երբեմնի մայրաքաղաք Աղթամարի եպիսկոպոս Դաւիթ Թոռնիկեան, Գրիգորի անչափահաս տարիքը պատճառաբանելով կ՚ապստամբի ու հինգ հայ եպիսկոպոսներու համաձայնութեամբ ինքզինք կաթողիկոս կը հռչակէ։

     Այսպէսով կը սկսի Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը (1113-1916)։

     Եկեղեցւոյ մէջ եղած այս անբաղձալի բաժանումը, ութը հարիւր տարի յետոյ, վերջ կը գտնէ Օսմանեան Կայսրութեան 19 Յուլիս 1916 թուակիր □Կանոնագիր Հայոց Կաթողիկոսութեան և Պատրիարքութեան□ օրինագծով, թէեւ Խաչատուր Բ. Շիրոյեանէ (1864-1895) յետոյ աթոռը թափուր մնացած է։

     Կիլիկիոյ Թագաւորութեան (1198-1375) անկումէն յետոյ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներ կը շարունակեն մնալ թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Սիս։

     Կիլիկիոյ Թագաւորութեան շրջանին Կաթողիկոսութեան, քաղաքական նպա□ տակներու պատճառով, Լատին Եկեղեցիին ճնշման տակ մնալը, 1382-էն մինչեւ 1439, վեց կաթողիկոսներու (X) սպաննութեամբ մահանալը Հայաստանի եպիսկոպոսները (Աեւելեան վարդապետները) կը ցնցէ ու □համոզուած ըլլալով թէ այլեւս աւելորդ էր Սսոյ աթոռին իր տեղին վրայ բարեկարգուիլը, թէ սնոտի ակնկալութիւն էր Կիլիկիոյ հայրապետանոցին վրայ վստահիլ, եւ թէ այլ եւս պատճառ մըն ալ չկար, որ հայրապետական աթոռը իր պանդխտութիւնը շարունակէր□(1), կ՚որոշեն □ափ մը բախտախնդիր եկեղեցականներու ձեռք մնացած, ուղղութիւն եւ աւանդութիւն մոռցած, եկեղեցւոյ շահն ու սրբութիւնը մէկ կողմ թողած, լոկ անձնական ու արկածալից գործերու□ (2) հետեւող աթոռը Էջմիածին հրաւիրել։ Օրուայ կաթողիկոսը՝ □...նախորդին սպանութեամբ, եւ, հետապնդողի մը դէմ մրցելով հայրապետական աթոռին տիրացած Մովսէս իշխանի որդին□՝ Գրիգոր Թ. Մուսաբէգեանց կաթողիկոս (1439-1441) (3) □հրաւիրուեցաւ Սիսէն Էջմիածին փոխադրուիլ եւ սա չհաւանեցաւ□։ (4)

     1441-ին Էջմիածնի մէջ կը գումարուի ազգային-եկեղեցական ժողով, աւելի քան երեք հարիւր եկեղեցականներու, ներառեալ Սիսէն եկողներ, եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ։ Որովհետեւ Մուսաբէգեանց հրաւիրուած էր փոխադրուիլ եւ մերժած, ժողովէն □հրաժարեալ նկատուեցաւ....եւ գահընկէց հռչակուեցաւ□։ (5)

     □Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սկզբունքով՝ ոչ աթոռը, եւ ոչ եկեղեցին, որեւէ աթոռակալի կամ հայրապետի տիրապետական կամքին չեն յանձնուիր։ Հայոց եկեղեցին, իր կաթողիկոսներն ալ ազգային ընդհանուր ժողովին ենթարկել գիտէ, եւ ժողովով դատուելնին ու գահընկէց ըլլալնին կ՚ընդունի□։ (6) □Վաղարշապատի ժողովը ազգին հանրութեան օրինաւոր ներկայացուցիչն էր, իր որոշումը վաւերական եղաւ օրէնքով եւ կանոնով, հաստատուն եղաւ գործով եւ արդիւնքով□։ (7)

     Կաթողիկոս կ՚ընտրուի Կիրակոս Ա. Վիրապեցի (1441-1443)։

     Ազգապատումի հեղինակը՝ Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, 1446-ին Արապկիր գրուած եւ Սիսի կաթողիկոս Կարապետ Եւդոկիացիին (1446-1477) նուիրեալ □Յիշատակարան ճաշոցին□□էն գաղելով կը գրէ, թէ աթոռը Մուսաբէգեանցէն յետոյ □հինգ ամ (տարի) խափանեալ մնաց□։ (8) Կիլիկիոյ Բաբգէն Ա. Կիւլէոէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսն ալ իր հատորին մէջ, Էջմիածնի ժողովէն յետոյ, Մուսաբէգեանցի համար □Եգիպտոս (Գահիրէ) կը գտնուէր□ կը գրէ։ (9) Երբ Կիրակոս Ա. Վիրապեցին գահընկեց կ՚ըլլայ (1443), Աղթամարի կաթողիկոս Զագարիա Գ., որ 1441-ի ժողովէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս չէր կրցած ընտրուիլ, Էջմիածնի հետ կապերը կը խզէ։ Սսեցիներ այս առիթէն օգտուելով կ՚ուզեն կաթողիկոսութիւնը վերահասատել։

     Կարապետ Եւդոկացի, շուշտակ քահանայ մը, որ Մուսաբէգեանցէ Եւդոկիոյ ( Թօքաթ) վրայ եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, □... դիմեց Կիլիկոյ ամիրային, որ Եգիպտոսի սուլտանին իշխանութեան ենթարկուած էր, խոստացաւ անոր ամէն տարի երեք հարիւր դեկեն վճարել, եւ առաւ անկէ Սիսի կաթողիկոսութեան իշխանութիւնը...□։ (10)

     Այսպէսով կը սկսի Սիսի՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։

     Իր պատմութեան տեւողութեան Սիսի աթոռը թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ թէ Պոլսոյ Պարիարքութեան հետ միշտ կանոնական, իրաւասութեան եւ ձեռնադրութեան կապակցութեամբ հարցեր ունեցած է, կամ, ստեղծած։ Սիսի՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշ շրջանի մը կաթողիկոսութիւնն է, սակայն գահակալներ իրենց սահմաններէն դուրս գտնուող թեմերու համար եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրեն։ Այս պատճառով □Էջմիածին կը պնդէր թէ Սիսի կաթողիկոսները իրաւասու չեն. իսկ անոնք, ընդհակառակը, տարբեր կերպով կ՚ըմբռնէին կացութիւնը հիմնուելով1441-էն յառաջ տիրող աւանդութեան վրայ։ Եւ այս կէտին մէջ Կիլիկեցիք իրաւունք չունէին, որովհետեւ, իրենց վիճակը փոխուած էր բոլորովին։ Էջմիածին Մայր Աթոռ ճանչցուած էր, եւ ան իրաւունք ունէր պահանջել Կիլիկիոյ Աթոռէն որ իր սահմաններէն անդին չանցնի Ձեռնադրութեան խնդրին մէջ□։ (10-ա)

     Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցիի օրով (1632-1655), Սիսի կաթողիկոս Սիմէոն Բ. Սեբաստացիի (1633-1648) բռնած ընթացքը երկու աթոռներու յարաբերութիւնները կը վատթարացնէ։ Սիմէոնի մահէն յետոյ իր խոհեմ եւ հեռատես յաջորդը՝ Ներսէս Սեբաստացի (1648-1654) եւ Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցի, երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող գրգռութիւններու վերջ տալու եւ կանոնաւոր յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով, 1651 թիւին, Երուսաղէմ կ՚ողջագուրուին եւ կանոններ կը հաստատեն, թիւով13։ Այդ կանոններուն 5-րդ հետեւեալն է. □Մէկ վիճակի վրայ երկու եպիսկոպոս կամ երկու առաջնորդ չըլլայ□։ (10-բ)

     Սիսի գահակալ շուշտակ քահանայ Մկրտիչ Քէֆսիզեան (1871-1894), իր Դամասկոսի տեսչութեաան շրջանին □...քաղաքին Ս. Սարգիս եկեղեցին նորոգեց եւ անունը Ս. Գլխադիրի փոխարկեց.. անոր հասոյթը խորելու եւ իրեն շահու աղբիւր ստեղծելու համար□, (11) նաեւ □ձեռնարկեց Դամասկոսը Երուսաղէմի իրաւասութենէն զատելու□։ (11) Ան իր կաթողիկոսութեան շրջանին կը փափաքի □Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արտօնութիւններն ու իրաւասութիւնները ընդարձակել....եւ եկեղեցականապէս Էջմիածնի համահաւասար, եւ գուցէ միակ օրինաւոր կաթողիկոս□ (12) դառնալ, □քաղաքականապէս Կ. Պոլսէ անկախ նոր ազգապետական պատրիարքութիւն մը ստեղծել □։(12) □Քէֆսիզեան կաթողիկոսանալէ յետոյ դուրս տուաւ իր գոյնը, եւ իր կաթողիկոսութեան 23 տարիները նշանաւոր ըրաւ, կռուելով արծաթասիրութեան հետ, իր ժողովրդին հետ, Ազգային Պատրիարքարանի եւ հետեւաբար Մայր Աթոռոյ դէմ□։ (13) Քէֆսիզեան □.. կը յաւակնէր Կիլիկիոյ Աթոռին կապերը խզել Մայր Աթոռի եւ Ազգային Պատրիարքարանի հետ□։ (14)

     Քէֆսիզեանէ յետոյ 1902-ին կաթողիկոս կ՚ընտրուի Երուսաղէմի Պատրիարքութեան լուսարարապետ Սահակ Եպս. Խապայեան։ Անոր ընտրութեամբ յոյս կար □որ պիտի վերջ գտնային Քէֆսիզեանի յարուցած անտեղի խնդիրները, ինչպէս ինք Խապայեան ալ կը գրէր, թէ պիտի աշխատի կրկին երկու աթոռաց յարաբերութիւնները քաղցրացնել եւ սուրբ միութիւնը պահպանել, եւ ազգի կրկին երկու հատուածոց, Էջմիածնականաց եւ Կիլիկեցւոց մէջ եղբայրական սէր հաստատել□։ (15)

     Խապայեան հակառակ իր այս գրաւոր արտայայտութեան, կը սկսի գործել առանց նկատողութեան առնելու Ազգային Սահմանադրութիւնը եւ 1652-ին Երուսաղէմի մէջ Էջմիածնի ու Սիսի Կաթողիկոսներուն հաստատած կանոնները, որու հինգերորդ յօդուածին համաձայն մէկ վիճակի վրայ երկու եպիսկոպոս կամ երկու առաջնորդ պէտք չէ ըլլայ։ (16)

     Իր ձեռնադրած առաջին եպիսկոպոսին՝ Մուշեղ Սերոբեանի ուխտագրին մէջ կը տեսնուի կարգի ու տիտղոսի խաղտում. նախ կը յիշուի □Սրբոյ Աթոռոյն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ□, ապա, □Հայրապետին Արարատեան Մայր Աթոռոյ□։ Մուշեղ եպիսկոպոս նոյն ուխտագրին մէջ Սահակ կաթողիկոսը կը կոչէ □Սրբազնագոյն Հայրապետին ամենայն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ□։ (17) Սերոբեան եպս. առանց Սահակ կաթողիկոսի հաւանութեամբ այդպէս չէր կրնար ըսել եւ այդ ի յայտ կուգայ Սահակ կաթողիկոսի, Թրքահայոց Պատրիարք Օրմանեան Սրբազանի ղրկած, 26 Փետրուար 1907 թուակիր նամակէն, ուր ան կը գրէ. □..իսկ Ամենայն Հայոցը Կիլիկիոյ Աթոռին վրայ փոխադրողը մենք չենք, այլ մեզմէ առաջինները..□ (18) Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խրիմեան իր 26 Ապրիլ թուակիր նամակով □կը յորդորէ չհետեւիլ սնափառ եւ ոչ էական խնդրոց, եւ պայքար մղել միայն ընդդէմ վնասաբեր խոչնդոտաց...□ (19) Այս նամակէն յետոյ Խապայեան □այլեւս չյուզեց համերաշխութեան անունին ներքեւ ծածկուած խնդիրները, իր աթոռին ինքնօրէնութիւնը, կեդրոնէ անկախութիւնը, ածականի տարբերութիւնը□։ (20)

     Կիլիկիան թուրքերուն տրուելէ վերջ, Խապայեան Սիսի աթոռը, 1921-ին, Սուրիոյ Բերիա՝ Հալէպ քաղաքը կը փոխադրէ, որ Կիլիկեան թեմ մըն է։ Սուրիա եւ Լիբանան Երուսաղէմի թեմեր են եւ Պէյրութ, Դամասկոս, Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) □տեսուչ□ անուանեալ երուսաղէմական հոգեւորականներ կը գտնուին։ Խապայեան առանց այս տեսուչներու ներկայութիւնը նկատի առնելու, կամ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ խորհրդակցելու, կը նշանակէ Կաթողիկոսական Փոխանորդներ, որու հետեւանք □անխուսափելի էր““երկուութիւն մը Երուսաղէմի կողմէ նշանակուած տեսչութեանց եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած “փոխանորդութեանց միջեւ□։ (21)

     Խապայեան, մինչ կը բանակցի Երուսաղէմի Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքի հետ, կը շարունակէ իր նշանակումները, զօրացնելով “երկուութիւնները։ Դուրեանի ղրկած իր 3 Մարտ 1929 թուակիր նամակին մէջ ակնարկելով □Հայ Եկեղեցին ներքին պառակտումներով կորսուա՜ծ է□ բարբանջանքներուն, □Ինկածը կանգնել ու կորսուածը փնտռել ու փրկել Ձեր եւ մեր պարտականութիւնն է ...□ կը գրէ, առանց նկատողութեան առնելու, թէ պառակտումին պատճառը իր բռնած դիրքն է։ (22)

     Երուսաղէմ, ստեղծուած անհաճոյ կացութեան վերջ տալու նպատակով, 26 Մարտ 1929-ին, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Լաւոդիկէի երուսաղէմապատկան եկեղեցիներն ու վանքերը, Գէորք Ե. Սուրէնեան (1911-1930) կաթողիկոսի ալ գիտակցութեամբ, □առժամապէս□ կը տրամադրէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ (23) Այսպէսով Կիլիկիան աթոռը կ՚ունենայ 5 թեմեր՝ Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա, Լիբանան եւ Կիպրոս։

     Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մեծանուն կղերականներէն, հմուտ օրէնսգէտ եւ աստուածաբան Օրմանեան Պատրիարքին Արմաշի Դպրեվանքի անդրանիկ աշակերտներէն Բաբգէն Արք. Կիւլէսէրեան, 1928-ին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռակից կաթողիկոս կ՚ընտրուի եւ 1931-ին ալ կ՚օծուի ու պարտականութեան կը սկսի։ □Կաթողիկոսական երկու աթոռներու միջեւ յարաբերութիւնները շարունակուեցան փոխադարձ եղբայրական վոտահութեամբ, որքան ատեն որ Բաբգէն գլուխն էր անցած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարչական եւ թեմական գործերուն□։ (24) Բաբգէն Աթոռակից, կաթողիկոսութեան պատօնաթերթ □Հասկ□-ի մէջ կը գրէ. □Մի է Հայաստանեայց Եկեղեցին, մի է հայոց կաթողիկոսութիւնը, եւ կաթողիկոսներ գործակիցներ են իրարու եւ ոչ թէ տարբեր իրաւասութիւններու եւ տարբեր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ իրարու հանդէպ□։ (25)

     Աւելի բարօր կեանք մը գտնելու յոյսով գաւառներէն դէպի Միացեալ Նահանգներ սկսած գաղթի հետեւանք, Նիւ Եորք, Ուստր, Պոսթոն, Լին, Լովէլ, Փրավիտէնս եւ Նիւ Ինկլանտի շրջանները հայեր բնակութիւն կը հաստատեն։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կղերականի մը ներկայութիւնը զգալի կը դառնայ։ □Կաճառ Հայկական Ուսթըրի Լուսաւորչական Հայոց□ ընկերութեան գրաւոր խնդրանքին ընդառաջելով Թրքահայոց Պատրիարք Խորէն Աշըգեան (1888-1894), 13 Յուլիս 1889 թուակիր կոնդակով Յովսէփ Սարաճեան Ծ. Վարդապետը կը ղրկէ ԱՄՆ։ Սարաճեան 25 Յուլիսին Ուստր կը հասնի եւ 28 Յուլիսին, ի ներկայութեան 324 հաւատացեալի, իր առաջին պատարագը կը մատուցանէ։ Այպէսով Հիւսիսայի Ամերիկայի մէջ կը սկսի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայութիւնը՝ Թուրքիոյ Պատրիարքութեան միջոցաւ։ Առաջին եկեղեցին՝ Ս. Փրկիչ Եկեղեցին, կը շինուի Ուստր եւ Սարաճեան զայն կ՚օծէ 18 Յունուար 1891 թուականին։

     Աճող գաղութին հոգեւոր մատակարարութեան թափ տալու հեռատեսութեամբ, Օրմանեան Պատրիարքի (1896-1908) թելադրութեամբ, Խրիմեան Կաթողիկոս (1892 -1907), 2 Յուլիս 1898 թուակիր կոնդակով կը հաստատէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Թեմը եւ Սարաճեանը, եպիսկոպոսական աստիճանով, որպէս առաջին առաջնորդ, Ամերիկա կը ղրկէ։ 6 Սեպտեմբեր 1902-ին Խրիմեան կը վաւերացնէ թեմի առաջին կանոնագիրը։

     Երբ ԱՄՆ գաղթողներուն զգալի մէկ զանգուածը Խաղաղական Ովկիանոսի ափերու քաղաքները կը սկսին բնակչութիւն հաստատել, հարկ կը տեսնուի այդ շրջանի մէջ ալ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Թեմ հաստատել։ Գէորգ Ե. կաթողիկոսի (1911-1930) 28 Նոյեմբեր 1927 թուակիր կոնդակով կը հաստատուի Արեւմտեան Թեմը եւ Գարեգին Խաչատուրեան եպիսկոպոս կ՚ընտրուի առաջնորդ։

     1 Փետրուար 1931-ին, 37 քուէով, Արեւելեան Թեմին առաջնորդ կ՚ընտրուի Մանչեսթըրի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ եպս. Դուրեան, իսկ դաշնակցութեան թեկնածուն՝ Գարեգին եպս. Խաչատուրեան կը ստանայ 13 քուէ։ Հակառակորդ տարրը պայքար կը բանայ առաջնորդին դէմ։ □Հայրենիք□ թերթին մէջ իր հասցէին վարկաբեկիչ յօդուածներ կը գրուին։ Ան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան իր հաւատարմութեան պատճառով կը պիտակու որպէս կամակատար Խորհրդային իշխանութեան։ Զինք կը նկատեն համայնավարներու եւ թուրքերու գործակից։ 1933-ի Շիգակոյի ցուցահանդէսի □Հայկական Օր□-ը եռագոյն պարզելու կամ չպարզելու հարցով Դաշնակցութեան եւ Առաջնորդի փոխ յարաբերութիւնները բոլորովին կը վատթարանան։ 1933-ի Սեպտեմբերին, դաշնակցական պատգամաւորներ կը մերժեն պանգամաւորական օրինաւոր ժողովին մասնակցիլ եւ անօրէն կերպով առանձինն հաւաքուելով, յանուն ամերիկահայութեան, առաջնորդը պաշտօնանկ կը հռչակեն։ Խորէն Մուրատբէգեանց կաթողիկոս (1932-1938) իր 12 Նոյեմբեր 1933 թուակիր կոնդակով միասնականութիւն, քաղաքական եւ կուսակցական պայքարներէ հեռու մնալ կը յորդորէ։ 24 Դեկտեմբեր 1933, Կիրակի օր, Նիւ Եորքի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի պահուն, երկու անձ, պատարագիչ Դուրեանը դաշունահարելով կը մեռցնեն։ Յաջորդ օրուայ New York Times եւ New York Tribune թերթերը կը տեղեկացնեն ոճիրը ու կազմակերպեալ դաւադրութիւնը կը վերագրեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ (26)

     1934-ին քայքայումներ կը սկսի նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս։

     Գարեգին Արք. Յովսէփեանց, Էջմիածնի միաբան, գիտնական, Սարդարապատի եւ Կարսի հերոսամարտերուն մասնակից, Դուրեանի սպաննութենէն յետոյ, Արեւելեան Թեմի համայնքին խաղաղութիւն բերելու նպատակով, 1936-ի սկիզբը, ԱՄՆ կը ղրկուի որպէս Կաթողիկոսական պատուիրակ։ 1938-ի Սեպտեմբերին կը գումարուի Պատգամաւորական Ժողով եւ Գարեգին Արք. կ՚ընտրուի առաջնորդ։ □Գարեգին Արք. ուզեց թեմին մէջ ստեղծել մշակութային ձեռնարկներ որոնց շնորհիւ թեմը իր ուշքը պիտի դարձնէր հակոտնեայ, անտեղի եւ կործանարար պայքարներէ դէպի շինարար եւ հայկական կրօնի եւ գեղարուեստի նուիրուած արժէքներու□։ (27) Ան թեմէն ներս կ՚ունենայ շատ բեղուն գործունէութիւն։ □Հակառակ այս բոլոր յաջողութեանց Յովսէփեանց արքեպիսկոպոսի գործը անքննադատ չընթացաւ. գտնուեցան անձինք եւ կողմնորոշուած կազմակերպութիւններ որոնք հակառակեցան իր գործելակերպին եւ ցոյց տուած ուղղութեան, նոյնիսկ երբեմն ալ “վարկաբեկել փորձեցին իր անձը, որովհետեւ ան չուզեց համակերպիլ անոնց, այլ գերադասեց ազգին շահը հատուածական շահերէն□։ (28)

     1941-ին, Սփիւռքի տարածքին վրայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ենթակայ կային 13 թեմեր. Ատրպատականի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Իրաքի, Թրակիոյ-Մակեդոնիայի, Եւրոպայի, Մարսիլիոյ, Եգիպտոսի (ներառեալ Եթովպիան եւ Սուտանը), Իրանա-Հնդկաստանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան (ներառեալ Գանատա), Արեւմտեան եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերը։

     Երբ 1945-ին, կաթողիկոսական տեղակալ Գէորգ Արք. Չէօրեքեան կաթողիկոս կ՚ընտրուի, իր անդրանիկ կոնդակով Միացեալ Նահանգներու անջատեալ հատուածին կը պատուիրէ միանալ մայր եկեղեցւոյ թեմին եւ ենթակայ մնալ Առաջնորդին։

     Կիլիկոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա.-ի վախճանումէն յետոյ (1952) Խադ Արք. Աջապահեան տեղապահ կ՚ընտրուի (22 Յունիս 1952 - 23 Հոկտեմբեր1955)։ Տեղապահը կաթողիկոսական ընտրութիւններէ առաջ վտանգ մը կը զգայ եւ պաշտօնաթերթ □Հասկ□-ի միջոցով կը զգուշացնէ որպէսզի Աթոռը ազդեցութիւններու չենթարկուի, պատգամաւորական ընտրութիւնները չըլլան պայքարի հարց, այլ՝ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան։ Ան կ՚աւելցնէ, թէ Կաթողիկոսութիւնը ո՛չ հարուստին եւ ո՚չ աղքատին, ո՛չ կուսակցականին եւ ո՛չ ալ անկուսակցականին կը պատկանի, այլ՝ բոլորին հաւասարապէս։ Չի փափաքիր որ կաթողիկոսութիւնը դառնայ □հատուածամոլական կրկէսի մը, որուն չարիքները պիտի ըլլան թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ նիւթական մարզերէ ներս□։ Հարց կուտայ թէ □հատուածի մը կողմէ ապահովուած ընտրութիւնը յաղթութի՞ւն պիտի բերէ թէ պարտութիւն, փա՞ռք թէ անարգանք ընտրուողին համար□։ (29)

     Գարեգին Արք. Յովսէփեանցի 1943-ին կաթողիկոս ընտրութենէն առաջ ալ նման մտահոգութիւններ □Հասկ□-ի մէջ արձագանգ գտած են։ □...Մաղթենք որ բարի եւ բերկրառիթ վախճանի մը յանգի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական ընտրութիւնը, եւ նպաստաւոր պայմաններով վերահաստատուի Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական եւ անոր Հայրապետական Աթոռին Միութիւնը□։ Հասկ, Մարտ 1940, էջ 46 (30)

     Տեղապահ Խադ Արք. 23 Հոկտեմբեր1955-ին կը հրաժարի եւ Աթոռի միաբանական ժողովը, նոյն օրը, Տեղապահ կը նշանակէ Լիբանանի Թեմի առաջնորդ Տ. Խորէն Եպս. Բարոյեանը։ Հալէպի առաջնորդ Տ. Զարեհ եպս. 10 Յունուար1956-ին Անթիլիաս կուգայ ու գրեթէ հոնկէ չի հեռանար։

     Ընտրութիւնները զանազան պատճառներով կը ձգձգուին մինեւ 1956։ Հայ Յեղափոխական Կուսակցութիւնը, օգտուելով այս ուշացումէն, կ՚ուզէ Անթիլիասի ղեկավարութիւնը ձեռք անցնել, որպէսզի Սփիւռք, □համայնավար իշխանութիւն□ ներուն կամակատար□ Էջմիածնէն անկախ, իր կաթողիկոսութիւնը ունենայ։

     Բարւոք լուծում մը գտնելու յոյսով Անթլիաս ժամանած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի ջանքերը ապարդիւն կը մնան։ Աթոռին վեց եպիսկոպոսներէն ՀՅԴ-ի համախոհ երեքը՝ Լիբանանի առաջնորդ եւ Կաթողիկոսական Տեղապահ Խորէն Բարոյեան, Հալէպի առաջնորդ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեան եւ Կիպրոսի առաջնորդ Տ. Ղեւոնդ Եպս. Չէպէյեան, յատկապէս առաջին երկուքը, կուսակցութեան փափաքով, կ՚ուզեն որ ընտրութիւնները կատարուին 20 Փետրուարին, առանց շաբաթով մը յետաձգման, ինչպէս Վազգէն Ա. կը փափաքի, լարուածութեան վերջ մը գտնելու յոյսով, նաեւ ճշդելու պատգամաւորներուն օրինաւորութիւնը, յատկապէս Հալէպի, որու մասին Սուրիոյ Կառավարութեան տեսեկէտը Իրեն տեղեկացուած է Լիբանանի կառավարութեան միջոցով։

     Վազգէն Ա.-ի ընտրութիւններու յետաձգման գաղափարին համակարծիք 12 եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորներ, ի նշան բողոքի, ժողովէն կը հեռանան։ Կիլիկիոյ կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածի համաձայն միաբանութեան պատրաստած թեկնածուներու հնգանուն ցանկը, որմէ պիտի կազմուի եռանուն ցանկ, պատգամաւորական ժողովը, ներկայ 36 պատգամաւորներու կամայական որոշումով, կը փոխէ։ Երկու թեկնածուի անունը կը ջնջէ ու երեք թեկնածուի անուն կ՚աւելցնէ, որոնցմէ մին ՀՅԴ-ի թեկնածուն՝ Զարեհ եպիսկոպոսն է։ Սա ինքնին կանոնական խախտում մըն է։ 10 հոգեւորականներ՝ միաբանութեան անդամներու մեծամասնութիւնը, Տեղապահին գրաւոր բողոք կը ներկայացնեն, յիշեցնելով թէ, եթէ հնգանուն ցանկէն հրաժարողներ ըլլան, ցանկը վերակազմել միայն միաբանութեան իրաւունքն է։

     20 Փետրուարի առաւօտուն Վազգէն Ա. կը մեկնի Գահիրէ, ուր Մարտի 5-8 կը գումարէ եպիսկոպոսական ժողով։

     Նոյն օրը, կէսօրէ յետոյ, 50 պատգամաւորներէն ներկայ 36-էն (Աթոռի 6 եպիսկոպոսներէն միայն երեքի մասնակցութեամբ), 32-ին քուէով, սակայն հակառակ Կիլիկիոյ 1941-ի Կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածին, կաթողիկոս կ՚ընտրուի Զարեհ Եպս. Փայասլեան։ Ընտրեալ Զարեհ Ա.(1956-1963) կը յայտարարէ, թէ երկու Աթոռներ լծակից ու գործակից են եւ Կիլկկիոյ Աթոռին կապը պիտի մնայ անքակտելի Էջմիածնի հետ։ Ընտրութիւններէ առաջ ալ Խորէն եպս. Վազգէն Ա.-ին կ՚ըսէ թէ՝ իրենք Էջմիածնէն բաժնուելու եւ Էջմիածնին դէմ ելլելու մտածումը չունին։(31)

     Կաթողիկոսական ընտրութիւնը, փոխանակ ընկալեալ սովորութեան Մայր Տաճարի մէջ կատարուելու, կ՚ըլլայ այլուր։ Ձեռնադրութիւնը, ուշացումով, տեղի կ՚ունենայ 2 Սեպտեմբերին, երկու հայ եւ մէկ ասորի եպիսկոպոսներով, իսկ օծումը՝ միայն երկու եպիսկոպոսներով։

     □Կաթողիկոսի ձեռնադրութիւնն ու օծումը պէտք է որ կատարուին եպիսկոպոսներու հաւանութեամբ, իսկ արարողութեան հանդիսութիւնը տեղի ունենայ տասուերկու եպիսկոպոսներով։ Եթէ հարկեցուցիչ պարագաներու բերմամբ անհնար է տասուերկու եպիսկոպոսներ ապահովել, բացականերուն հաւանութիւնը ստանալէ ետք կարելի է մինչեւ երեք եպիսկոպոսով օծումը կատարել։ Երեքէն պակաս կանոնական եւ օրինական չէ եւ այս կերպով կատարուած օծումը անվաւեր է□։(32)

     Զարեհ Ա.-ին, Կիլիկիոյ եպիսկոպոսներուն թիւը աւելցնելու նպատակով, իր օծումէն երկու շաբաթ յետոյ, երկու եպիսկոպոսներ կը ձեռնադրէ։ Երկու եպիսկոպոսներ եւս կը ձեռնադրէ 1958-ի Նոյեմբերին։

     Օրմանեան Պատրիարքի □Հայոց Եկեղեցին□ գրքին չորրոդ տպագրութեան առթիւ (Պուէնոս Այրէս-1949) Գարեգին Եպս. Տրապիզոնի (Խաչատուրեան) իր նախաբանի վերջընթեր պարբերութեան մէջ հետեւեալը կը գրէ. □ Մեր ժողովուրդը, ցաւալի է հաստատել, չի ճանչնար իր Եկեղեցին անոր էութեան մէջ։ Նոյն իսկ, ամօթ է խոստովանիլ, թէ հոգեւորական դասէն եւս շատեր, մանաւանդ ծիսակատարութեան համար լոկ կոչուած քահանաներ, անտեղեակ են այն իրական արժէքներուն և իսկական նկարագրին՝ որոնցմով մեր Եկեղեցին կը դառնայ պատկառելի և պաշտելի հաստատութիւն□։

     Վազգէն Ա.-ի եւ Պոլսոյ աւանդապահ եւ կարգապահ Պատրիարք Խաչատուրեան սրբազանի հեռագրով եւ նամակով հաշտութեան ու համաձայնութեան ջանքերը ի դերեւ կ՚ելլեն։

     Զարեհ Ա.-ի օծումէն հազիւ վեց ամիս անց, 23 Փետրուար 1957-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի անջատեալները, առանց օրուայ առաջնորդը տեղեակ պահելու, կը դիմէն Զարեհ Ա.-ի, որպէսզի զիրենք նկատէ □Կիլիկիան Թեմ□։ Խորէն Եպս. կուգայ ԱՄՆ զիրենք կազմակերպելու, նաեւ կարգ մը հոգեւորականներ համոզելու, որպէսզի անոնք օրինաւոր թեմէն հեռանալով միանան անջատեալներու։ Հոկտեմբեր 12 թուակիր կոնդակով Զարեհ Ա. զանոնք կ՚առնէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իշխանութեան ներքեւ։ Այս իրաւիճակը բոլորովին կը հակասէ Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ներսէս Սեբաստացիի (1648-1654) եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Փիլիպպոս Ա. Աղբակեցիի (1632-1655), երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող գրգռութիւններու վերջ տալու եւ կանոնաւոր յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով, 1651 թիւին, Երուսաղէմ հաստատած 13 կանոններուն, որոնց 5-րդը □Մէկ վիճակի վրայ երկու եպիսկոպոս կամ երկու առաջնորդ չըլլայ□ յօդուածն է։ Որով միեւնոյն աշխարհագրական տարածքէ ներս գոյութիւն ունեցող օրինաւոր թեմի կողքին երկրորդի մը հաստատումը հիմնական կանոնազանցութիւն մըն է։ Իր այս արարքով Զարեհ Ա. իր յայտարարած □Կիլիկիոյ Աթոռին կապը պիտի մնայ անքակտելի Էջմիածնի հետ□ խօսքը կը դրժէ։

     Այս կանոնազանցութեամբ եկեղեցական պառակտումը ալ աւելի կը շեշտուի, որուն, թէեւ, գործադրողը կ՚ըլլայ Զարեհ Ա. կամ Խորէն եպս., սակայն խորքին մէջ պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ նաեւ զիրենք ղեկավարող կուսակցութեան։ 1958-ի Հոկտեմբերին կը գրաւուի Յունաստանի թեմը, Դեկտեմբերին ալ, Խորէն եպսիկոպոսի առաքելութեամբ, Պարսկաստանի երեք թեմերը՝ Թեհրան, Ատրպատական (Թավրիզ) եւ Նոր Ջուղա։ Գրաւումներուն պատրուակը միշտ նոյնն է. □Մայր Աթոռէն նշանակեալ առաջնորդներ Խորհրդային Միութեան ազդեցութեամբ կը գործեն□։ Երկու գերուժերու մէջ եղած ցուրտ պատերազմն ալ Անթլիասը իր ազդեցութեան տակ արած կուսակցութեան հակականոնական գործունէութիւնը կը դիւրացնէ։

     Վազգէն Ա.-ի 25 Ապրիլ 1960 թուակիր □Սիրոյ եւ Միութեան Հրաւէր□Կոնդակ□-ը կը մնայ անպատասխան։ 1962-ի Մայիսին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահ Ալեք Մանուկեան Վազգէն Ա.-ին կը տեղեկացնէ, թէ Զարեհ Ա. պատրաստ է հանդիպման մը, 25-31 Յուլիս թուականներուն, Ժընեւ։ Յուլիսի 11-ին Զարեհ Ա. իր միտքը կը փոխէ եւ հանդիպումը չիրականանար։

     Զարեհ Ա. 18 Փետրուար 1963-ին կը վախճանի։ Խորեն եպս. 23 Փետրուարին տեղապահ կ՚ընտրուի, 5 Մայիսին ալ՝ կաթողիկոս, գրաւեալ թեմերէն եկած պատգամաւորներու ալ մասնակցութեամբ։ Օծումը կը կատարուի Մայիսի 12-ին ։

     1963-ի Հոկտեմբերի 26-ին, Վազգէն Ա.-ի հրաւէրով, Երուսաեղէմի մէջ, Վազգէն Ա. կ՚ողջագուրուի Խորէն Ա.-ի (1963-1983) հետ, այն յոյսով, թէ վերջ մը կը դրուի ներկայ անբնական կացութեան։

     Վազգէն Վեհափառի յոյսերը ի դերեւ կ՚ելլեն։

     1964-ի Փետրուարին, ողջագրումէն հազիւ չորս ամիս անց, Խորէն Ա.-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան ենթակայ Ֆրանսայի Մարսիլիոյ թեմին կը ղրկէ անթլիասական եպիսկոպոս մը, որպէս առաջնորդ, հակառակ այն իրողութեան, թէ հաւաստիացուցած էր Վազգէն Ա-ը, որ հոն եպիսկոպոս պիտի չղրկուի։ Այս անտեղի արարքէն յետոյ, անթլիասական եպիսկոպոսը ետ կը ճամբուի եւ Վազգէն Ա., 30 Դեկտեմբեր 1965 թուակիր կոնդակով, Մարսիլիա եպիսկոպոս մը կը ղրկէ։

     1965-ին, Կիլիկիա իր կանոնադրութեան կ՚աւելցնէ երկու յօդուածներ՝ թիւ 32 եւ 33։ 32-ով կը պաշտօնականացնէ իր գրաւած հինգ թեմերը՝ Միացեալ Նահանգներու (1957), Յունաստանի (1957) եւ Պարսկաստանի պատմական երեք թեմերը՝ (Թեհրան, Ատրպատական, Նոր Ջուղա) (1958)։ Այսպէսով Կիլիկիոյ թեմերուն թիւը կը բարձրանար իննի։ 33-րդ յօդուածին համաձայն ալ □այլ թեմեր եւս կրնան կազմուիլ կամ միանալ Կիլիկիոյ Աթոռին□։

     1968-ի Ապրիլին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ Վազգէն Ա.-ի ձեռամբ օծումէն յետոյ, կ՚որոշուի միացման բանակցութիւներ կատարել բաժանեալներու հետ։

     Օրուայ առաջնորդը՝ Թորքոմ Արք. Մանութեան, կը նշանակէ 9 անձերէ բաղկացեալ բանակցութեան յանձնախումբ մը եւ այդ 16 Սեպտեմբեր1969 թուակիր նամակով կը տեղեկացնէ Կիլիկիոյ ներկայացուցիչ Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, առաջարկելով նման յանձնախումբի մը նշանակումը։ Հրանդ Արք. 18 Մայիս 1970 թուակիր նամակով նման յանձնախումբի մը նշանակումը կը տեղեկացնէ։ Յանձնախումբերը իրեն առաջին միացեալ նիստը կը գումարեն 16 Ապրիլ 1971 թուականին։ Հակառակ անցնող 30 տարիներու կարելի չըլլար արդիւնքի մը յանգիլ։

     Գանատահայութեան եկեղեցական կեանքը ծաղկիլ սկսած է Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդութեան ենթակայութեամբ։ Առաջին Հայաստանեայց Եկեղեցին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, կառուցուած է 1930-ին, Օնթարիօ Նահանգի Սէնթ Քեթրինզ քաղաքը եւ օծուած նոյն տարւոյ վերջաւորութեան, ձեռամբ առաջնորդ Տիրայր Արք. Տէր Յովհաննէսեանի։ Եկեղեցական համայնքներ կազմուած եւ եկեղեցիներ շինուած են Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Համիլթըն, Վանգուվըր։

     Արագօրէն աճող Գանատահայութեան հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տալու համար անհրաժեշտ կը նկատուի հաստատումը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմին։ Այդ կ՚իրականանայ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի 15 Նոյեմբեր 1980 թուակիր կոնդակով։

     Ծուխեր կը հաստատուին Օթթաուա, Լաւալ, Միսիսակա, Ունտզըր, Նովա Սքոշիա, Ուինիբեկ, Էտմընթըն, Գալկըրի։

     Երբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատական Թեմը կայ ու կը գործէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան իշխանութեան ենթակայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը հաստատէ անջատ □Թեմ□ մը, ու կը նշանակէ Կաթողիկոսական Փոխանորդ մը, ինչպէս անցեալին ըրած էր Սահակ կաթողիկոս, Սուրիոյ եւ Լիբանաննի մէջ։

     Վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր կաթողիկոսական փոխանորդին շնորհած է □առաջնորդ□ տիտղոսը գործածելու իրաւունքը։

     Սովետական Միութեան փլուզումով, Հայաստանի անկախացումով եւ ցուրտ պատերազմին դադրումով երբ այլեւս □խոհրդային իշխանութիւններու կամայակատար աթոռ□ չկար, կը սպասուէր որ նոր բաժանումներ չյարուցուեր։ Նոր ոտնձգութիւններ չըլլար։

     Անտարակոյս կաթողիկոսութեան մը պարտականութիւնն է հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն գոհացում տալ։ Բայց գոհացում պէտք է տրուի հայոց այն բեկորներուն, որոնց տակաւին ոչ ոք ձեռք երկարած է։

     Միւռոնօրհնենքի խորաններէն □Մէկ Ազգ, ՄԷԿ ԵԿԵՂԵՑԻ□ ձայնել, սակայն գործնականին մէջ եկեղեցին երկուքի բաժնել քրիստոնավայել աշխատութիւն նկատել կարելի չէ ։

     Քրիստոնէութեան սկզբնաւորութեան, վիճակի՝ թեմի մը մէջ միայն մէկ եպիսկոպոս կ՚ըլլար եւ ամէն հաւատացեալ քրիստոնեայ, ինչ ազգէ կամ ծէսէ ալ ըլլար, պէտք է հնազանդէր տաղական եպիսկոպոսին։ Ժամանակի ընթացքին եկեղեցին իր մէջ բաժանումներու կ՚ենթարկուի։ Կը ծնին վարդապետութեամբ եւ ծէսով տարբեր եկեղեցիներ, որոնք իրենց համար զատ եպիսկոպոսարաններ՝ առաջնորդութիւններ եւ պաշտօնէութիւններ կը հաստատեն։ Յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ սկզբունքին համաձայն, որեւէ ազգ որ քաղաքական անկախութիւն ունի, կը վայելէ ինքնուրոյն եկեղեցւոյ յատուկ իրաւունքներ, որով կը ծնին Ռուսաստանի, Յունաստանի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ...ուղղափառ եկեղեցիները։ Անոնք ալ թեմերէն ներս կ՚ունենան իրենց եպիսկոպոսները։ Այս բոլոր եպիսկոպոսները՝ առաջնորդները ծառայելով հանդերձ Քրիստոսի եկեղեցւոյն, կը պատկանին տարբեր եկեղեցիներու եւ կը ներկայացնեն տարբեր իրաւասութիւններ եւ տարբեր իշխանութիւններ։

     Հայաստանեայց Եկեղեցին ինքնորոյն եկեղեցի մըն է։ Ունի իր նուիրապետական կառոյցը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի ու Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները։ Եկեղեցւոյ պետը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է, որ ունի նաեւ Ծայրագոյն Պատրիարքի տիտղոսը։ Իւրաքանչիւր Աթոռ ունի իր իրաւասութեան սահմանները, որու ծիրին մէջ կը գործէ համաձայն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոններուն։

     Նկատի ունենալով, թէ այս Աթոռներուն դաւանանքը, վարդապետութիւնը, ծիսակատարութիւններու լեզուն նոյնն է, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հաստատած թեմերէն ներս տարբեր Աթոռի մը իշխանութեան ենթակայ եպիսկոպոսի մը գոյութիւնը եկեղեցւոյ գործնապէս բաժանումը ցոյց կուտայ։

     Երանի թէ Կիլիկիոյ Աթոռին գահակալները իրենց օրինակ առնեն այդ Աթոռին Աթոռակից Կաթողիկոսներէն Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեանը, որ գործած է այնպէս, ինչպէս որ արտայայտուած է. □Մի է Հայաստանեայց Եկեղեցին, մի է հայոց կաթողիկոսութիւնը, եւ կաթողիկոսներ գործակիցներ են իրարու եւ ոչ թէ տարբեր իրաւասութիւններու եւ տարբեր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ իրարու հանդէպ□ (25), փոխանակ օրինակուելու Քէֆսիզեան ու Խապայեան կաթողիկոսներէն։

     Մեր աւանդական կուսակցութիւնները փոխանակ կաթողիկոսական աթոռ մը ձեռք ձգելով ժողովուրդը բաժան-բաժան ընելու եւ ճերմակ ջարդի գործած աւերին մասնակից դառնալու, պէտք է ջանան գտնել միասնականութեան ճամբան, որպէսզի ձուլման դէմ պայքարող Սփիւռքը եւ հայութենէ դատարկուող Հայաստան կարենան գոյատեւել։

Արմէն Քիւրքճեան


X- Թէոդորոս Բ. Կիլիկեցիի, Կարապետ Ա. Կեղեցիի, Յակոբ Գ. Սսեցիի, Գրիգոր Ը. Խանձողատի, Պօղոս Բ. Գառնեցիի, Կոստանդին Զ. Վահկացի
Ազգապատում□ Մաղաքիա Արք. Օրմանեան
---------------------------------------------------------------------------------------
1) սիւնակ 2103,
2) սիւ. 2104,
3) սիւ. 2104,
4) սիւ. 2104, նաեւ Պ.Կ.Կ. ս. 1139,
5) սիւ. 2104,
6) սիւ. 2105
7) սիւ. 2106,
8) սիւ. 2119,
10-բ) սիւ. 2459 նաեւ Պ.Կ.Կ. ս. 344
11) սիւ. 3904,
12) սիւ. 4332, նաեւ Պ.Կ.Կ. ս.698,
15) սիւ. 5307,
16) սիւ. 2459, (նաեւ Պ.Կ.Կ. ս348), 5308, 5310,
19) սիւ. 5314,
20) սիւ. 5315

Ազգապատում□ Դոկտ. Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
---------------------------------------------------------------------------------------
23) Դ. Հատոր Ա. Գիրք □ էջ 352,
24) Դ. Հատոր Բ. Գիրք□ էջ 37,
25) Դ. Հատոր Բ. Գիրք□ էջ 38
26) Դ. Հատոր Բ. Գիրք□ էջ 59-66,
27) Դ. Հատոր Բ. Գիրք□ էջ 163,
28) Դ. Հատոր Բ. Գիրք□ էջ 164
29) Դ. Հատոր Բ. Գիրք□ էջ 295,31) Դ. Հատոր Գ. Գիրք□ էջ 28 և 29, նաեւ Գաւազանագիրք էջ 355,
30)

Գաւազանագիրք Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայոց Թեմերու Առաջնորդութեանց
Ա. Հատոր □ Անթլիաս, 1980 □ Վարդան Եպս. Տէմիրճեան
---------------------------------------------------------------------------------------
21) էջ 69,
22) էջ 79,
30) էջ 342,
31) էջ 355, նաեւ Ազգ. Դ. Հատոր Գ. Գիրք□ էջ 29,

Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ □ Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս□ Անթիլիաս □ 1990
---------------------------------------------------------------------------------------
4) սիւնակ 1139,
9) սիւ. 45,
10) սիւ. 47,
10-ա) սիւ.113
10-բ) սիւ. 344 նաեւ Ազգ. ս. 2459
12) սիւ. 698, նաեւ Ազգ. ս. 4332,
13) սիւ. 719, 14) սիւ. 729,
16) սիւ. 348 (նաեւ Ազգ. ս. 2459)
17) սիւ. 902,903,
18) սիւ. 906


Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Խորհուրդները □ Պէյրութ 1957 □ Դերենիկ Եպս. Փոլատեան՝ Պսակաւոր Եկեղեցական Պատմութեան, Մագիստրոս Աստուածաբանութեան, Վարդապետ Փիլիսոփայութեան
---------------------------------------------------------------------------------------
31) էջ 63 և 84-86
---------------------------------------------------------------------------------------

ՆԱԽՈՐԴ ԷՋ

For Unicode Armenian language support please visit www.armunicode.org.